Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ընտրած է 2024-ի Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստը եւ մարզիչը:
Հաւաքելէ ետք 87 կէտ, 12-րդ անգամ ըլլալով Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստի մրցանակը շահած է Իտալիոյ Ինթեր Միլանի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: Բ. դիրքը գրաւած է Հայաստանի ազգային խումբի եւ Սլովաքիոյ ախոյեան Սլովան Պրաթիսլաւայի ծայրի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան` 62 կէտ հաւաքելով:
24 կէտ հաւաքելէ ետք Գ. դիրքը գրաւած է Հայաստանի ազգային խումբի եւ ռուսական Կրասնոտար խումբի խմբապետ Էտուարտ Սփերձեան:
Մարզիչներու քուէարկութեան արդիւնքները ցոյց տուին, թէ 92 կէտ հաւաքած Եղիշէ Մելիքեան (Փիւնիկ) շահած է լաւագոյն մարզիչի մրցանակը, Բ. դիրքը գրաւեց Նոայի գլխաւոր մարզիչ Ռուի Մոթթա (Փորթուգալ) 67 կէտով, մինչ Գ. դիրքը գրաւած է Արարատ-Արմենիա խումբի մարզիչ Վարդան Մինասեան` 23 կէտ հաւաքելով:


