Փորթուգալցի մասնագէտ Փաուլօ Ֆոնսեքա յայտարարեց, որ հեռացած է Ա. Սէ. Միլանի իր մարզիչի պաշտօնէն:
«Ճիշդ է, որ ես կը հեռանամ Միլանէն, այսպէս է կեանքը: Խիղճս հանգիստ է, քանի որ ըրի այն, ինչ որ կրնայի ընել», ըսաւ Ֆոնսեքա:
Նշենք, որ Ֆոնսեքա 2024-ի ամրան միացած էր Միլանի: Ըստ Ֆապրիցիօ Ռոմանոյի, իտալական ակումբի նոր մարզիչ պիտի ըլլայ այլ փորթուգալցի մը` Սերժիօ Քոնսեսաու, որ արդէն իսկ համաձայնագիր կնքած է Միլանի հետ:
Քոնսեսաու երէկ պիտի ժամանէր Միլան, ուր պայմանագրութիւն պիտի ստորագրէր մինչեւ 2026-ի ամառ:
49 տարեկան Քոնսեսաու 2017-էն կը գլխաւորէր Փորթոն: Ա. Սէ. Միլան 17 մրցումներէ ձեռք ձգած է 27 կէտ եւ յաջորդ մրցումին պիտի մրցի Քալիարիի դէմ:


