Նիւ Եորքի (Միացեալ Նահանգներ) մէջ վերջ գտաւ ճատրակի Պլից (կայծակնային) աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքը, որուն աւարտականին իրար դէմ մրցեցան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն եւ ռուս Իան Նեփոմնիաշչի:
Եօթը ճակատումներուն առաջին երկուքը յաղթեց Քարլսըն, ապա Նեփոմնիաշչի երկու յաջորդական յաղթանակներ արձանագրեց: Մնացեալ երեք ճակատումներն ալ հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք, նորվեկիացի վարպետին առաջարկով տիտղոսը բաժնուեցաւ երկու ախոյեաններուն միջեւ, պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով:
Նշենք, որ 10 մասնակիցներ 9,5 կէտ հաւաքած էին 13 խաղափուլերէ ետք, ուր վերջնական դասաւորումը որոշած էր չնչին մանրամասնութիւններ:
Հայկ Մարտիրոսեան, որ կը ներկայացնէր Հայաստանը, 9 կէտ հաւաքելով գրաւեց 13-րդ դիրքը, մինչ Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Լեւոն Արոնեան եւ Սամուէլ Սեւեան յաջորդաբար գրաւեցին 14-րդ եւ 15-րդ դիրքերը:
Տիգրան Պետրոսեան (7 կէտ) գրաւեց 83-րդ դիրքը, Կարէն Գրիգորեան (6,5 կէտ) եւ Զաւէն Անդրէասեան (6,5 կէտ)` 92-րդ եւ 94-րդ դիրքերը, մինչ Արամ Յակոբեան (6 կէտ) եւ Շանթ Սարգսեան (5,5 կէտ)` 115-րդ եւ 129-րդ դիրքերը: Էմին Օհանեան (4,5 կէտ) գրաւեց 159-րդ դիրքը` 188 մասնակիցներու մէջ:


