Շաբաթավերջին Տուպայի մէջ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի «Կլոպ Սաքըր» մրցանակի հանդիսութիւնը:
Այս հանդիսութեան, որ տեղի կ՛ունենայ ամէն տարուան աւարտին, 2010-էն ի վեր, համակիրները առաջին փուլին կ՛ընտրեն տարուան իրենց լաւագոյն մարզիկները, ապա անոնց քուէարկութիւններուն կը միանան լրագրողներու, մարզիչներու, նախկին մարզիկներու, ինչպէս նաեւ մարզիկներու գործավարներու քուէարկութիւնները:
2024-ի լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ Ռէալ Մատրիտի պրազիլցի յառաջապահ Վինիսիուս Ճունիոր: Աղջկանց լաւագոյն ֆութպոլիստ ընտրուեցաւ Այթանա Պոնմաթի, լաւագոյն մարզիչ ընտրուեցաւ Քարլօ Անչելոթթի: Միջին Արեւելքի լաւագոյն ֆութպոլիստ ընտրուեցաւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ: Միջին Արեւելքի լաւագոյն մարզիչ ընտրուեցաւ Ժորժէ Ժեսուս (Հիլալ ակումբ):
Յեղափոխութիւն ստեղծած ակումբի մրցանակը շահեցաւ Օլիմփիաքոս (Յունաստան), լաւագոյն ակումբ ընտրուեցաւ Ռէալ Մատրիտ: Աղջկանց լաւագոյն ակումբ ընտրուեցաւ Պարսելոնա: Լաւագոյն միջնապահ ընտրուեցաւ Ճուտ Պելինկհամ (Անգլիա, Ռէալ Մատրիտ), լաւագոյն յառաջապահ ընտրուեցաւ Վինիսիուս Ճունիոր, լաւագոյն մարզական տնօրէն ընտրուեցաւ Փիերօ Աուսիլիօ (Ինթեր Միլան): Լաւագոյն մարզիկի գործավար ընտրուեցաւ Ժորժէ Մենտեշ: Միջին Արեւելքի լաւագոյն ակումբ ընտրուեցաւ Ալ Այն ակումբը (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ): Լամին Եամալ ընտրուեցաւ լաւագոյն երիտասարդ մարզիկը: «Մարատոնա» մրցանակը ստացաւ Ճուտ Պելինկհամ (թեքնիք եւ թաքթիք ունեցող լաւագոյն մարզիկ): Քրիսթիանօ Ռոնալտօ շահեցաւ նաեւ պատմութեան ամէնէն շատ կոլեր նշանակողի մրցանակը: Մրցանակներ ստացան նաեւ Ալեսանտրօ Տել Փիերօ, Ֆիորենթինօ Փերես, Թիպօ Քուրթուա, Նէյմար եւ Ռիօ Ֆերտինանտ` ֆութպոլի յառաջդիմութեան գծով իրենց թափած ճիգերուն համար:


