2024-ի վերջին օրերուն, ՀՄԸՄ-ի կրտսերներու ներկայացուցչական խումբը Այնճարի ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանին մէջ Ս. Ծննդեան առիթով յատուկ սեմինար մը ունեցաւ:
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն մարզիկները յատուկ մարզանքներ կատարեցին մարզիչներուն ցուցմունքներով, ապա սննդարար ճաշերով հիւրասիրուեցան ջերմ մթնոլորտի մէջ:
3 օրուան վրայ երկարող սեմինարի վերջին օրը բարեկամական խաղեր ալ կատարեցին տղաքը Այնճարի 16 տարեկանէն վար, 20 տարեկանէն վար, ինչպէս նաեւ Ուխուա Մաժտել Այնճարի խումբերուն դէմ, անոնք բոլորին դէմ ալ յաղթանակներ արձանագրեցին: Սեմինարի եւ մրցումներու աւարտէն ետք մարզիկները բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան Պէյրութ: