– ՓԱՐԻԶ Սէն Ժերմենի ծայրի յառաջապահ (Ուինկ) Քոլօ Մուանի, կրնայ իր ասպարէզը շարունակել Արսենալի հետ: Լոնտոնի ակումբը կ՛ուզէ այս ձմեռ ձեռք ձգել Մուանին՛ նկատի առնելով, որ աջ ծայրի յառաջապահ Պուքայ. Սաքու եւ ձախ ծայրի յառաջապահ Րահիմ Սթերլինկ ընդհանրապէս շատ կը վիրաւորուին, եւ Արսենալ կ՛ուզէ լաւորակ փոխարինող մը ունենալ եւ յաճախ դաշտ ներկայացնելով պատրաստ պահել զայն:
– ԷՎԸՐԹԸՆԻ եւ Անգլիոյ ազգային խումբի բերդապահ Ճորտըն Փիքֆորտ բազմաթիւ ակումբներու ուշադրութիւնը գրաւած է: Պարսելոնա, Չիլի եւ Պայէրն Միւնիխ լրջօրէն հետաքրքրուած են Փիքֆուրի ծառայութիւններով, ինչպէս կը յայտնէ լրագրող Էքրեմ Քոնուրը էքս»-ի վրայ: Էվըրթըն, որ 2017-էն ի վեր կը վայելէ Փիքֆորտի (30 տարեկան) ծառայութիւնները, կ՛ուզէ մինչեւ 2030 թուական պահել զայն, սակայն Փիքֆորտ ինք է որ պիտի տայ իր վերջին որոշումը:
– ԻՏԱԼԻՈՅ ազգային խումբին նախկին յառաջապահ Անթոնիօ Քասանօ, կը կարծէ, որ Սթալանթայի միջնապահ Շարլ Տե Քեթելայրէն այժմ աշխարհի լաւագոյն միջնապահ մարզիկներէն մէկն է: «Ան սքանչելի տիրապետութիւն ունի գնդակին վրայ: Ես միայն Քաքայի մօտ տեսած եմ այսքան լաւ «քոնթրոլ»: Ես անձամբ չեմ ճանչնար զինք եւ հանդիպում չեմ ունեցած անոր հետ: Սալահ 32 տարեկան է արդէն, ան այլ տարիքի է: Իրմէ զատ միայն Լամին Եամալը կայ այժմ», ըսաւ Քասանօ՛ պելճիքացի Տե Քեթելայրէի մասին:
– ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ Եունայթըտի յառաջապահ Մարքուս Ռելֆորտ կը ցանկայ հեռանալ ակումբէն` միանալու Սպանիոյ ախոյեանութեան:
Ռեշֆորտ կը կարծէ, թէ Պարսելոնան իր ասպարէզը շարունակելու առաջնահերթ ակումբն է, որովհետեւ այդտեղ հոն ան կրնայ ցուցադրել իր խաղային լաւագոյն որակները: Կը հաղորդուի, որ քաթալոնական ակումբին համար դժուար կրնայ ըլլալ Ռեշֆորտի բարձր աշխատավարձը բաւարարել:
Վերջին 3-4 հանդիպումներուն, Ռեշֆորտ պահեստի աթոռներուն վրայ նոյնիսկ չի գտնուիր «Կարմիր սատանաներ»-ուն հետ:
– ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ազգային խումբի կեդրոնի յետսապահ Եոնաթուն Թահ 2025-ի ամրան ազատ գործակալի կարգավիճակով պիտի լքէ իր այժու կազմը` Պայէր Լեւերքուզընը միանալու Սպանիոյ Պարսելոնային:
Ըստ «Սփորթէս» կայքին, Պարսելոնան Պայէրն Միւնիխէն աւելի նուազ նիւթական պայմաններ առաջարկած է Թահին, սակայն վերջինս կ՛ուզէ միանալ Պարսելոնայի, եւ արդէն բանակցութիւնները յաջողութեամբ կ՛ընթանան:
– ԼԱ ԼԻԿԱՅ-ի կազմերէն Սելթա Վիկօ իր 37 տարեկան յառաջապահ Իակօ Ասփասի հետ երկարաձգած է պայմանագրութիւնը, մինչեւ 2026:
37 տարեկան Ասփաս իր ասպարէզը սկսած է Սելթայի հետ ապա մեկնած Լիվըրփուլ` 2013-ին եւ տարի մը ետք Սեւիա, բայց 2015-ին վերադարձած Սելթա Վիկօ:
37 տարեկան Ասփաս 16 մրցում կատարած է այս տարեշրջանին` նշանակելով 6 կոլեր եւ կատարելով 3 էսիսթ: Ան Սելթայի հետ 462 մրցում կատարած է նշանակելով 193 կոլ:
– ԻՏԱԼԻՈՅ ազգային խումբի պատմական բերդապահ Ճիանըփճի Պուֆոն վերջերս խօսած է Իտալիոյ ախոյեանութեան` «Սերի Ս.»-ի մակարդակին մասին:
«Մեր ֆութպոլը փոխուած է, մենք կը յաջորդենք Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ին: Մենք ամբողջովին փոխուած ենք՛ սկսելով մեր մտածած ձեւէն: Շատ կը մտածեմ մեր մարզիչներուն մշակութային յեղափոխութիւններուն մասին: Այժմ շատ մեծ հաճոյքով կը դիտենք «Սերի Ա.»-ի հանդիպումները», ըսած է Պուֆոն:
Այժմ «Սերի Ա.»ի պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Աթալանթան (40 կէտ) բ. դիրքը կը գրաւէ Նափոլին (38 կէտ) մինչ Ինթեր Միլան 37 կէտով կը գրաւէ 3-րդ դիրքը (մէկ մրցում պակաս ունի Ինթեր):