Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն տեղի ունեցան «Պոքսինկ տէյ»-ի օրուան մրցումները (Ս. Ծննդեան տօնէն օր մը ետք), ուր ախոյեան Սիթիի ձախող արդիւնքները շարունակուեցան: Դասաւորման Բ. դիրքը գրաւող Լոնտոնի Չելսին անակնկալ պարտութիւն մը կրեց` 7 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլէն, ուր 3-1 արդիւնքով յաղթեց Լեսթըր Սիթիի:
Սիթի կը հիւրընկալէ Լիվըրփուլ քաղաքի Էվըրթընը եւ Պեռնարտօ Սիլվայի շնորհիւ կոլ մըն ալ նշանակեց 14-րդ վայրկեանին:
Էվըրթընի սենեկալցի ֆութպոլիստ Իլիման Էնտիայ 36-րդ վայրկեանին նշանակեց հաւասարութեան կոլը:
Էվըրթընի բերդապահ Ճորտըն Փիքֆորտ 53-րդ վայրկեանին զսպեց Էրլինկ Հաալանտի փենալթին:
«Մենք շատ լաւ խաղցանք, բայց այժմ մեզի այնպէս կը թուի, թէ ամէն ինչ նոյն ձեւով կ՛ընթանայ: Առաջին իսկ սխալէն կոլ կը ստանանք եւ առիթները կոլի վերածելու դժուարութիւն կ՛ունենանք: Բայց մենք պէտք է շարունակենք դէպի առաջ շարժիլ», ըսաւ Սիթիի մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա:
Աւելի ուշ, Չելսի իր «Սթեմֆորտ Պրիճ» դաշտին վրայ համեմատաբար դիւրին մրցում մը ունէր Ֆուլհեմի դէմ եւ կիսախաղը 1-0 արդիւնքով յաղթական էր շնորհիւ Քոլ Փալմըրի կոլին: Բ. կիսախաղին սակայն, Ֆուլհեմ 82-րդ վայրկեանին ոչ միայն կրցաւ հաւասարիլ, այլեւ 95-րդ վայրկեանին յաղթանակի կոլ ալ նշանակեց շնորհիւ պրազիլցի Ռոտրիկօ Մունիսի:
8 յաջորդական յաղթանակներէ ետք Չելսի յաջորդական 2-րդ մրցումը ըլլալով չկրցաւ յաղթել: 4 օր առաջ Էվըրթընի հետ հաւասարած Չելսի կարեւոր կէտեր կը կորսնցնէ` Լիվըրփուլի հետ կապը հեռացնելով: Մէկ մրցում պակաս կատարած Լիվըրփուլ 7 կէտով հեռացաւ Չելսիէն, երբ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լեսթըր Սիթին:
6-րդ վայրկեանին կոլ ստանալէ ետք, Լիվըրփուլ հետզհետէ սկսաւ ճնշել Լեսթըրի վրայ եւ կիսախաղ չեղած կրցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը Քոտի Կաքփոյի շնորհիւ:
Բ. կիսախաղին, Լիվըրփուլ ամբողջովին տիրապետեց եւ երկու այլ կոլեր եւս նշանակեց Քըրթիս Ճոնզի եւ Մոհամետ Սալահի շնորհիւ:
Սալահի 16-րդ կոլն էր այս տարեշրջանին, որուն շնորհիւ ան կը գրաւէ կոլ սքորըրներու պարագլուխի դիրքը:
Վոլվըրհեմփթըն Ուոնտըրըրզ, որ աւելի ծանօթ է Վուլվզ անունով, իր յաջորդական 2-րդ մրցումը յաղթանակով աւարտեց: 4 օր առաջ Լեսթըրի դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք, Վուլվզ այս անգամ 2-0 արդիւնքով անակնկալի բերաւ Մանչեսթըր Եունայթըտը:
Մանչեսթըր Եունայթըտ համեմատաբար աւելի լաւ էր առաջին կիսախաղին, որ վերջ գտաւ ճերմակ հաւասարութեամբ:
Բ. կիսախաղը հազիւ սկսած, Պրունօ Ֆեռնանտեշ իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով վտարուեցաւ դաշտէն: 58-րդ վայրկեանին պրազիլցի Մաթէուս Քոնիս քոռնըրին ուղղակի գնդակը զետեղեց Անտրէ Օնանայի բերդին մէջ: Եունայթըտ անցեալ 19 դեկտեմբերին ալ քոռնըրէն կոլ ստացած էր Թոթենհամի դէմ մրցումին, բայց այդ օրը Օնանան չէր բերդապահը, այլ պահեստի բերդապահ Պայինտիր:
Եունայթըտ շատ փորձեց 10 մարզիկներով փոխադարձել, եւ Անթոնի, ապա Կառնաչօ առիթներ ունեցան, սակայն գնդակը մերժեց մուտք գործել Վուլվզի բերդին մէջ: Կորսուած վայրկեաններուն Քունիա փոխանցեց Հի-չան Հուանկի, որ գնդակը զետեղեց Եունայթըտի բերդին մէջ` նշանակելով Վուլվզի 2-րդ կոլը:
Ստորեւ` 18-րդ հանգրուանի արդիւնքները.
Լիվըրփուլ – Լեսթըր Սիթի 3-1
Վուլվզ – Մանչեսթըր Եունայթըտ 2-0
Պորնմաութ – Քրիսթըլ Փելես 0-0
Չելսի – Ֆուլհեմ 1-2
Նիւքեսըլ – Ասթոն Վիլա 3-0
Նոթինկհամ Ֆորեսթ – Թոթենհամ 1-0
Սաութհեմփթըն – Ուեսթ Համ 0-1
Մանչեսթըր Սիթի – Էվըրթըն 1-1
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ | ԿԷՏ |
1.- Լիվըրփուիլ | 42 (40-17) |
2.- Չելսի | 35 (38-21) |
3.- Նոթինկհամ Ֆորեսթ | 34 (24-19) |
4.- Արսենալ | 34 (24-19) |
5.- Նիւքեսըլ | 29 (30-21) |
6.- Պորնմաութ | 29 (27-21) |
……………….. | ……………….. |
18.- Լեսթըր Սիթի | 14 (22-40) |
19.- Իփսուիչ Թաուն | 12 (16-32) |
20.- Սաութհեմփթըն | 6 (11-37) |