Հիւսթըն Ռոքեթց 110-99 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տալաս Մեւրիքսը երկու յաջորդական պարտութիւններ կրելէ ետք, մինչ Տալաս վերջին 5 մրցումներուն կրեց իր 4-րդ պարտութիւնը` առանց Լուքա Տոնչիչի: Տալաս պէտք է գտնէ ինքզինք, մանաւանդ որ Տոնչիչ մօտ 1 ամիս հեռու պիտի մնայ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Ալփերեն Շենկիւն (23 կէտ) եւ Ճէյլըն Կրին (22 կէտ) Հիւսթընը առաջնորդեցին յաղթանակի: Քայրի Ըրվինկ (ուս), Քլէյ Թոմփսըն (հիւանդ) եւ Տերեք Լայվլի (մէջքի ցաւ) վերադարձած էին բացակայելէ ետք երկուշաբթի օրուան մրցումէն, բայց Նաժի Մարշըլ կը բացակայէր 4 մրցումով կախակայուած ըլլալուն պատճառով` Ֆինիքսի դէմ կռիւէն ետք:
Քուինթըն Կրայմզ 17 կէտ նշանակեց պահեստի մարզիկներէն դաշտ ներկայանալով, մինչ Թոմփսըն եւ Ըրվինկ 16-ական կէտ նշանակեցին:
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 125-107 արդիւնքով անակնկալ յաղթանակ մը արձանագրեց Շիքակօ Պուլզի դաշտին վրայ: Ուաշինկթընի 6-րդ յաղթանակն էր 31 մրցումներու ընթացքին, մինչ Շիքակօ իր 19-րդ պարտութիւնը կրեց 34-րդ մրցումին:
Ճորտըն Փուլ 30 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ուաշինկթընի, մինչ Զաք Լըվին 32 կէտ նշանակեց ի նպաստ Շիքակօ Պուլզի, որ երկու յաջորդական յաղթանակներ արձանագրած էր:
Տիթրոյիթ Փիսթընզ 105-96 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Օրլանտօ Մեճիքը այլ անակնկալ արդիւնքով: Տիթրոյիթ, որ համեմատաբար աւելի լաւ արդիւնքներ կ՛արձանագրէ, համեմատած տարեշրջանի սկիզբի իր արդիւնքներուն, արձանագրեց իր 4-րդ յաղթանակը վերջին 5 մրցումներուն:
Քէյտ Քանինկհէմ 19 կէտ, 9 էսիսթ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Տիթրոյիթի, մինչ Ճէյլըն Սակզ 24 կէտ նշանակեց ի նպաստ Օրլանտոյի, որ վերջին 4 մրցումներուն կրեց իր 3-րդ պարտութիւնը:
Քարլ-Անթոնի Թաունզ 31 կէտ եւ 21 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Նիւ Եորք Նիքսի, որ յաջորդական իր 9-րդ մրցումը յաղթեց: Նիւ Եորքի վերջին մրցակիցն էր Եութա Ճեզ, որ 119-103 արդիւնքով տեղի տուաւ Նիւ Եորքի առջեւ Մետիսըն Սքուէր Կարտընի մէջ:
Ճորտըն Քլարքսըն եւ Քոլին Սեքսթըն 25-ական կէտ նշանակեցին ի նպաստ Եութայի, որ իր 5-րդ յաջորդական պարտութիւնը կրեց:
Տենվըր Նակեթց կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց իր դաշտին վրայ` Աթլանթա Հոքսի դէմ մրցումին:
Նիքոլա Եոքիչ իր ասպարէզի 144-րդ թրիփըլ տապըլը իրագործեց` ձեռք ձգելով 23 կէտ, 17 ռիպաունտ եւ 15 էսիսթ:
Ճամալ Մարէյ (21 կէտ) եւ Ռասըլ Ուեսթպրուք (16 կէտ եւ 11 էսիսթ) օգնեցին Նակեթցին, որ արձանագրեց իր յաջորդական 3-րդ յաղթանակը: Տենվըր յունուար ամսուան ընթացքին 17 մրցում ունի կատարելիք:
Թրէյ Եանկ 30 կէտ եւ 9 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Աթլանթայի, մին Տէ՛Անտրէ Հանթըր 20 կէտ աւելցուց պահեստի մարզիկներէն ներկայանալով:
Ստորեւ` 2025-ի առաջին երկու օրերու մրցումներուն արդիւնքները.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Միլուոքի Պաքս 112-120
Պոսթըն Սելթիքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 125-71
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 122-86
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 113-105
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 110-122
Ֆինիքս Սանզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 112-117
ԵՐԷԿ
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Շիքակօ Պուլզ 125-107
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Օրլանտօ Մեճիք 105-96
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Պրուքլին Նեթց 130-113
Նիւ Եորք Նիքս – Եութա Ճեզ 119-103
Մայեմի Հիթ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 119-108
Հիւսթըն Ռոքեթց – Տալաս Մեւրիքս 110-99
Տենվըր Նակեթց – Աթլանթա Հոքս 139-120
Սաքրամենթօ Քինկզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 113-107


