Նախորդ շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներու մէջ սկսած լեռնադահուկարշաւի աշխարհի ախոյեանութիւնը կ՛աւարտի 15 փետրուարին:
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին գլխաւոր քարտուղար Գագիկ Սարգսեանէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստան այս ախոյեանութեան կը մասնակցի 3 մարզիկով: Անոնք են` Եուրա Մանուկեան, Արսէն Ղազարեան եւ Արման Սերեպրակեան: Իսկ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Սէյրան Յարութիւնեան: