Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի երէկ նախարարութեան իր կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլան:
Նիքոլա նախարարը տեղեակ պահեց ֆետերասիոնին տարած աշխատանքներուն գծով, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ 2015 տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք մրցաշարքերուն, թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային գետնի վրայ:
Ֆետերասիոնին նախագահը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Հըննաուիի եւ նախարարութեան, որ միշտ մօտէն կը հետաքրքրուին լիբանանեան մարզական հարցերով:
Աւարտին Նիքոլա յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց նախարարին: