Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնը Պարգեւատրեց 2013 Եւ 2014 Թուականներու Ախոյեանները

Փետրուար 7, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

20615_cycling-1Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «ԶՈՆ» ճաշարանին մէջ (Մանսուրիէ), Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը պարգեւատրեց 2013 եւ 2014 թուականներու հեծելարշաւի ախոյեանները` ներկայութեամբ մեծաթիւ հրաւիրեալներու:

Այս հանդիսութեան ներկայ էին նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեան, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, որ կը հովանաւորէր այս ձեռնարկը, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարին, բանակի հրամանատարին, ներքին ապահովութեան ուժերուն ներկայացուցիչները, տարբեր ֆետերասիոններու նախագահներ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:

20615_cycling-2
Ժան Համմամ- Վաչէ Ծատուրեան (PROFOTO)

 

Ապտօ Նատեր (Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար) ներկաներուն ուղղած բարի գալուստի իր խօսքէն ետք հրաւիրեց Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեանը, որ իր ելոյթին մէջ ըսաւ.

«Այսօր կը պատուենք 2013 եւ 2014 թուականներու մեր ախոյեանները, որոնք ունեցան բաւական խճողուած յայտագիր մը եւ մեր մարզիկները յաջողեցան թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային գետնի վրայ արձանագրել տպաւորիչ եւ բացառիկ արդիւնքներ:

«Ասիական գետնի վրայ Լիբանան գրաւեց 11-րդ, իսկ արաբական գետնի վրայ 2-րդ դիրքը` 2014-ին, ինչ որ կը նշանակէ բացառիկ արդիւնք մը:

«Լիբանան այլ կարեւոր իրագործում մըն ալ արձանագրեց, երբ Ինշիոնի մէջ (Հարաւային Քորէա) տեղի ունեցած Փարալիմփիքի խաղերուն Էտուար Մաալուֆ Լիբանանին ապահովեց երկու արծաթ մետալ:

«Կը շնորհաւորենք բոլոր մրցանակակիրները եւ անոնց կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ եւ մնայուն վերելք»:

Այնուհետեւ խօսք առնելով Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ ըսաւ.

«Թէեւ այս օրը պարգեւատրումի օր է, սակայն կու գամ նաեւ նշելու բոլորին, որ ամէն գնով կ՛աշխատինք թիւ 8990 բանաձեւը բարեփոխութեան ենթարկելու, այլապէս լիբանանեան բոլոր տեսակի մարզախաղերը պիտի սառին` արաբական, ասիական, միջազգային եւ ողիմպիական գետիններուն վրայ: Կը մաղթենք, որ այդ դժբախտութիւնը տեղի չունենայ:

«Մեր դիմաց ունինք 2016-ի Ռիոյի ամառնային ողիմպիական խաղերը, եւ մեր տրամադրութեան տակ ունենալով 132 հազար ամերիկեան տոլարի օժանդակութիւն մը, կը փորձենք հոն ունենալ լաւագոյն մարզիկները, որոնք կրնան բարձր արդիւնքի հասնիլ:

«Կը շնորհաւորենք բոլոր մրցանակակիրները, ինչպէս նաեւ Վաչէ Ծատուրեանը, որ մեծ աշխուժութեամբ կը կատարէ իր պաշտօնը` տալով առաւելագոյնը»:

Ապա տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութենէն ետք, Վաչէ Ծատուրեան յուշանուէր մը տուաւ այս հանդիսութեան հովանաւորին` Ժան Համմամին, առ ի շնորհակալութիւն:

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Հետաքրքրական Եւ Ճոխ Ճակատումներու Շաբաթավերջ Մը

Յաջորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Իսլահ Պըրժ Շիմալի

RelatedPosts

Հովանաւորութեամբ` «Ապպա»-Պուրճ Համուտի.  Մասթըր Կարօ Քեպապճեանի Յիշատակին  Նուիրուած Քոնկ Ֆու-Ուու Շուի Թաու Լուի  Յուշամրցաշարք
Մարզական

Հովանաւորութեամբ` «Ապպա»-Պուրճ Համուտի. Մասթըր Կարօ Քեպապճեանի Յիշատակին Նուիրուած Քոնկ Ֆու-Ուու Շուի Թաու Լուի Յուշամրցաշարք

Մարտ 31, 2023
Ճատրակ. Եւրոպայի Աղջկանց  Անհատական Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Ներկայացուցիչներուն Մէջ  Լաւագոյն Արդիւնքը Արձանագրեց Աննա Սարգսեան
Մարզական

Ճատրակ. Եւրոպայի Աղջկանց Անհատական Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ներկայացուցիչներուն Մէջ Լաւագոյն Արդիւնքը Արձանագրեց Աննա Սարգսեան

Մարտ 31, 2023
Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի  Երիտասարդական Ախոյեանութիւն.  Վալերիկ Մովսիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Վալերիկ Մովսիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In