Ղազախստանի Ալմաթի քաղաքին մէջ նախորդ շաբաթավերջին շարունակուեցան դահուկարշաւի աշխարհի ախոյեանութեան 23 տարեկանէն վար 15-15 քմ Սքիաթլոնի մրցումները. Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Սերկէյ Միքայէլեան գրաւեց 10-րդ դիրքը, կը յայտնէ ArmSport.am:
Միքայէլեան 50″ 1 զիջեցաւ առաջին հանդիսացած նորվեկիացի Հակայէն:
Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարը` Գագիկ Սարգսեան նշեց, որ Սերկէյ Միքայէլեանի մարզիչներն են Արթուր եւ Արա Միքայէլեանները: