Գերմանական Պատեն-Պատեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Կրենքէ Չես Քլասիք»-ի ճատրակի միջազգային գերմրցաշարքին 3-րդ հանգրուանին, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ ճերմակ քարերով կը մրցէր աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 2-րդ դիրքը գրաւող իտալացի Ֆապիանօ Քարուանայի դէմ, կրեց մրցաշարքին իր առաջին պարտութիւնը` 40-րդ շարժումին:
Արոնեան, որ ցարդ յաղթանակ չէ արձանագրած, իր կրած այս պարտութենէն ետք նահանջեց 8-րդ եւ վերջին դիրք (1 կէտով):
Իր կարգին, մրցաշարքի իր առաջին պարտութիւնը կրեց աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն (Նայտիչէն):