Գերմանիոյ ֆութպոլի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հոֆընհայմ, որ ճակատեցաւ Նիւրեմպերկի դէմ, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Յաղթական խումբին եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականի միջնապահ Հայկ Գալստեան:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Հոֆընհայմի 17 տարեկանէն վար խումբը 35 կէտ ունենալով իր տրամադրութեան տակ, կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը: