
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն արձանագրուեցան շարք մը անակնկալներ:
Մատրիտեան տերպիի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Էսթատիօ Վիչենթէ Քալտերոնի մէջ, Աթլեթիքօ Մատրիտ 4-0 արդիւնքով ջախջախեց Ռէալ Մատրիտը:
Տերպիի երկու մրցումներ տեղի ունեցան Անգլիոյ մէջ: Թոթենհամ, որ հիւրընկալեց Արսենալը, 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, իսկ Էվըրթըն – Լիվըրփուլ մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով:
Իտալիոյ մէջ Եուվենթուս ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը շաբթուան գագաթի ճակատումին` 3-1 արդիւնքով յաղթելով Ա. Սէ. Միլանին:
Պորուսիա Տորթմունտ 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Ֆրայպուրկի դաշտէն, վերջին դիրքէն բարձրացաւ 16-րդ դիրք:
Պարսելոնա, որ հիւրն էր Աթլեթիքօ Պիլպաոյին, 5-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Լիոնել Մեսսի, Լուիս Սուարեզ եւ Նէյմար նշանակեցին մէկական կոլ:
Նշենք, որ այժմ Պարսելոնա միայն մէկ կէտի տարբերութեամբ ետ կը մնայ Ռէալ Մատրիտէն որ ունի 54 կէտ: