Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` Լա լիկայի գծով յետաձգուած (16-րդ հանգրուան) մրցումի մը, Ռէալ Մատրիտ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, 2-1 արդիւնքով յաղթելով իր հիւրին` Սեւիլլային:
Արքայական ակումբին երկու կոլերը նշանակած (12-րդ եւ 36-րդ) քոլոմպիացի միջազգային յառաջապահ Խեմես Ռոտրիկեզ, որ այս մրցումին վիրաւորուեցաւ, երկու ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց սպանական մամուլը, երէկ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Սերճիօ Ռամոսին, որ իր կարգին վիրաւորուեցաւ, ան պիտի բացակայի միայն այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մատրիտեան քաղաքի տերպիին` Աթլեթիքոյին դէմ:
Նշենք, որ իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ռէալ Մատրիտ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 54 կէտ, մինչ 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա` 50 կէտ: Աթլեթիքօ Մատրիտ (3-րդ), ունի 47 կէտ: