ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանը սքանչելի ձեւով սկսած եւ երթի մրցումներուն բացառիկ արդիւնքներ արձանագրած ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբին համար այսօր` շաբաթ, 7 փետրուարը պէտք է ըլլայ կարեւոր օր մը, որպէսզի կարելի ըլլայ սկսիլ յաղթանակներու շարքին:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ դարձի մրցումները սկսաւ յաջորդական երկու պարտութիւններով:
Պատճառ պէտք չէ փնտռել, թէ ինչո՞ւ ատիկա տեղի ունեցաւ եւ կամ ատոր մէջ ո՞վ է յանցաւորը:
Ըսել, որ իրաւարարը յանցաւոր էր, հիմնական կազմը բացակայ մարզիկ ունէր, բախտը մեզի հետ չէր, ջղային կը մրցէին` արդարացի պատճառներ չեն:
Խումբին բոլոր մարզիկները իրենց դիմաց պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն ունին յաղթելու:
Յաղթանակի հասնելու համար պէտք է ճիգ թափել, կիրարկել խմբային խաղաոճ մը, կէտեր նշանակելու առիթները առաւելագոյն ձեւով օգտագործել, կազմակերպուած յարձակումներ կատարել, մրցումին ամբողջ տեւողութեան ընթացքին կեդրոնանալ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է տիրապետել մրցակիցին վրայ, եւ անշուշտ շարքը կարելի է շարունակել:
Խումբը շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ նոյն այս կազմով կարելի է տպաւորիչ արդիւնքները շարունակել, մինչեւ տարեշրջանին աւարտը:
Շատեր թերեւս հարց տուին եւ կամ այպանեցին, թէ ինչո՞ւ նախորդ ամիս ՀՄԸՄ չօժտուեցաւ նորեկ մարզիկներով, այնպէս ինչպէս ըրին միւս խումբերը:
Այժմու իր կազմով ՀՄԸՄ է՛ եւ պիտի մնայ մրցակից խումբերուն պատուհասը` իր կողքին ունենալով իր համակիրներուն բանակը:
Միասնաբար կարելի կ՛ըլլայ ձգտիլ լաւագոյնին, սակայն իւրաքանչիւրը մնալով իրեն վերապահուած սահմաններուն մէջ:
Իրաւարարներուն կամ մրցակից կազմին մարզիկներուն հասցէին ուղղուած հայհոյանքները կամ դէպի դաշտ նետուած իրերը (նոյնիսկ շիշի մը փոքրիկ կափարիչը), միայն ու միայն կ՛ըլլան ի հեճուկս խումբին եւ կը վնասեն անոր շահերուն:
Համակիրները պէտք է ըլլան քիչ մը աւելի զուսպ` նկատի ունենալով, որ անոնց արարքը իրենց վատ անդրադարձը կ՛ունենայ իրենց իսկ խումբին մարզիկներուն վրայ:
Այս բոլորէն մեկնելով` այսօր բոլորս պիտի մեկնինք դաշտ եւ քաջալերենք ՀՄԸՄ-ը, որովհետեւ ամէն գնով երթի յաղթարշաւը պէտք է ԱՅՍՕՐ վերսկսի: