Երէկ` հինգշաբթի, 5 փետրուարին, զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 2017-ի երիտասարդական ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը:
Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը, որուն գլխաւոր մարզիչն է Սարգիս Յովսէփեան, յայտնուեցաւ Ե. խմբակին մէջ, որուն մէջ ընդգրկուած են հետեւեալ երկիրներու ազգային խումբերը.
Դանիա, Ռումանիա, Կալես, Պուլկարիա եւ Լիւքսամպուրկ:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի անդամ 52 երկիրներու երիտասարդական հաւաքականները ընդգրկուեցան 9 խմբակներու մէջ: Իւրաքանչիւր խմբակի պարագլուխի դիրքը գրաւող խումբը կ՛ապահովէ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը:
Իսկ լաւագոյն 2-րդ դիրքը գրաւած չորս խումբերը իրարու դէմ կը կատարեն փլէյ-օֆի մրցումներ` երկու այլ տոմսերու համար:
Այսպիսով, այդ 11 խումբերը, ինչպէս նաեւ Լեհաստան, կը մասնակցին Եուրօ-2017-ի ախոյեանութեան: Մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրն է Լեհաստան, որ բնականաբար զտումի մրցումներուն չի մասնակցիր:
Նշենք, որ զտումի այս մրցումները կը սկսին մարտին եւ կ՛աւարտին հոկտեմբեր 2016-ին: