Յունաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Քերքիրա, որուն կազմին մէջ է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան, մրցեցաւ Փանիոնիոսի դէմ:
Թէեւ մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով, սակայն Ղազարեան այս մրցումին նշեց իր նորամուտը` անոր մասնակցելով ամբողջ 90 վայրկեան:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Քերքիրա այժմ կը գրաւէ դասաւորման 11-րդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 27 կէտ:
Յաջորդ հանգրուանին` 14 փետրուարին Քերքիրա պիտի մրցի Քալոնիիի դէմ: