Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 8 փետրուարին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի հարաւային Լիբանանի խումբերէն Իսլահ Պըրժ Շիմալիի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին:
Ինչպէս նախորդ մրցումներուն, այս մրցումին եւս ՀՄԸՄ-ի համակիրները պիտի ուղղուին դաշտ` քաջալերելու համար իրենց խումբը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ:
Մարզիկ-մարզիչ-համակիր-պատասխանատու միասնութեամբ շատ դիւրութեամբ կարելի կ՛ըլլայ առանց դժուարութեան հասնիլ յաղթանակի: