Գերմանական «Պիլտ» պարբերաթերթին համաձայն, Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան իր կազմը լքելով շատ հաւանաբար տեղափոխուի Եուվենթուս:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, իր կազմին միացնելու համար 26 տարեկան ֆութպոլիստը, Եուվենթուս գերմանական ակումբին պիտի վճարէ 30 միլիոն եւրօ:
Ինչպէս ծանօթ է, 2013-ին հայ ֆութպոլիստը փոխան 27,5 միլիոն եւրոյի, Շախտիոր Տոնեցքէն տեղափոխուած էր Տորթմունտ:
Սակայն վերջերս իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ transfermarket.de կայքը նշեց, որ Մխիթարեանի փոխանցման արժէքը 26 միլիոն եւրոյէն նուազած է 21 միլիոն եւրոյի: