Լեռնալիբանանի նահանգի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները կը սկսին այսօր, երբ տեղի կ՛ունենան շարք մը մրցումներ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր առաջին մրցումը կը կատարէ վաղը` կիրակի, 15 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, երբ Քֆարշիմայի դաշտին վրայ կը մրցի Սաֆա Պարուքի դէմ: