Ֆրանսական Կրենոպլը ֆութպոլի խումբը, որ մաս կը կազմէ Գ. դասակարգին եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Բ. խմբակի մրցումներուն, ֆութպոլի բարեկամական հանդիպումի մը ընթացքին 4-2 արդիւնքով յաղթեց Էպանսի, կը յայտնէ ArmSport.am:
Հայ ֆութպոլիստ Վահագն Միլիտոսեան, որ կը նկատուի վտանգաւոր յառաջապահ մը, Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայանալով հեթրիք մը իրագործեց: