Ուրուկուէյահայ Սերճիօ Մարգարեան պաշտօնապէս նշանակուեցաւ Յունաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ, յայտնեց ՖԻՖԱ-ին պաշտօնական կայքը:
70 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը փոխարինեց Քլաուտիօ Ռանիերիին, որ նախորդ նոյեմբերին պաշտօնանկ եղաւ` Յունաստանի արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Նշենք, որ Մարգարեան եղած է ֆութպոլի շարք մը ակումբներու մարզիչ, ինչպէս նաեւ մարզած է Փերուի եւ Փարակուէյի ֆութպոլի ազգային խումբերը: