Ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» օրաթերթը իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ յայտնեց, որ Տիտիէ Տեշան Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ պիտի մնայ մինչեւ 2018, այսինքն` Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի Մոնտիալէն անմիջապէս ետք անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի:
Ան մարզիչ նշանակուեցաւ Եւրոպայի ֆութպոլի 2012-ի ախոյեանութենէն անմիջապէս ետք: