Ռուսիոյ ֆութպոլի պատանեկան հաւաքականը (17 տարեկանէն վար), գլխաւոր մարզիչ Միհայիլ Քալաքթիանովի գլխաւորութեամբ, մեկնեցաւ Պաքու` 14-21 փետրուարին ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու համար:
Այդ 20 ֆութպոլիստներուն կարգին է նաեւ Հոֆընհայմի հետ հանդէս եկող հայ ֆութպոլիստ Դաւիթ Ղազարեան, կը յայտնէ ArmSport.am:
Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը նշեց, որ Պաքուի մէջ խումբը պիտի կատարէ բարեկամական երկու մրցում` Ազրպէյճանի իր հասակակիցներուն դէմ: