Արհեստավարժ կռփամարտի գերմիջին դասակարգի WBO-ի աշխարհի ախոյեան, հայ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ, անդրադառնալով 21 փետրուարին անգլիացի Փոլ Սմիթի դէմ իր կատարելիք մենամարտին, ըսաւ.
«Ես կ՛ուզեմ ցոյց տալ բոլորին, թէ ո՛վ է ախոյեանը: Փոլ Սմիթ լաւ ելոյթ ունեցաւ առաջին մենամարտին, սակայն ես կը գերազանցէի զինք: Ես չեմ հասկնար, թէ ինչո՛ւ անգլիական լրատուամիջոցները կը խօսին իրաւարարներու սխալին մասին: Իրաւարարներուն կողմէ պատասխանատուութիւնը վերցնելու միակ տարբերակը նաք-աութով յաղթելն է: Ես կը խոստանամ, որ Սմիթ չդիմանայ մինչեւ 12-րդ ռաունտ», Աբրահամի խօսքերը կը մէջբերէ ArmSport.am` օգտագործելով «Պոքսինկ սին» կայքին հրապարակած մէկ լուրը:
Առ ի տեղեկութիւն, նշենք, որ նախորդ տարի` սեպտեմբերին, անոնք երկուքը իրարու դէմ յանդիման եկած էին: Աբրահամ յաղթած էր` իրաւարարներու միաձայն որոշումով, ինչը բողոքի առիթ տուած էր Փոլ Սմիթի եւ անոր համակիրներուն համար: