Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ դարձի 4-րդ հանգրուանին մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ պիտի մրցի Ռիատի Պէյրութի դէմ` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Սկզբունքով այս մրցումը պիտի սկսէր երեկոյեան ժամը 17:00-ին, սակայն Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ փոխան ժամը 17:00-ի անիկա պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, որպէսզի կարելի ըլլայ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները կատարել` մրցումը ուղղակիօրէն սփռելու համար «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանէն:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի, լաւ ներկայացում մը կատարելով ամէն ճիգ ի գործ դնեն` խումբին համակիրներուն հետ միասին անպայման յաղթանակ արձանագրելու:
Նոյնպէս դարձի 4-րդ հանգրուանին մէջ, Մութթահետ, որ հիւրընկալեց Թատամոնը, երկու կէտի տարբերութեամբ` 89-87 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Իր կարգին, Սաժես քիչ մը դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ դարձեալ երկու կէտի տարբերութեամբ` 75-73 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Հուփսը: