Մարզական

Արտեոմ Սիմոնեան Տեղափոխուեցաւ Ցիւրիխ

Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Արտեոմ Սիմոնեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Զուիցերիոյ մէջ` նկատի ունենալով որ 19 տարեկան ֆութպոլիստը պայմանագիր մը կնքեց Ցիւրիխի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Զուիցերիական ակումբին շարքերուն մէջ Սիմոնեան պիտի խաղայ մինչեւ 30 յունիս 2018: Նշենք, որ Զուիցերիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք Ցիւրիխ`...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Մանչեսթըր Եունայթըտ – Արսենալ Քառորդ Աւարտականի Հետաքրքրական Ճակատում

Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ամբողջացումով, յստակացան քառորդ աւարտականին իրենց տոմսը ապահովող խումբերուն անունները: Քառորդ աւարտականի կարեւորագոյն ճակատումը պիտի ըլլայ Մանչեսթըր Եունայթըտ - Արսենալ մրցումը: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (անոնք տեղի պիտի ունենան 7-8 մարտին). Լիվըրփուլ - Պլեքպըրն (Բ.) Պրետֆորտ (Գ.) - Ռիտինկ (Բ.) Մանչեսթըր Եունայթըտ - Արսենալ Ասթոն Վիլա - Ուեսթ Պրոմուիչ  

Հեծելարշաւ. Քոնթատոր Շատ Հաւանաբար Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Լքէ 2016-ին

Երկու անգամ «Թուր տը Ֆրանս»-ի ախոյեան հանդիսացած Ալպերթօ Քոնթատոր յայտարարած է, որ շատ հաւանաբար 2016-ը իրեն համար ըլլայ վերջին տարին` որպէս արհեստավարժ հեծելանւորդ: 32 տարեկան Քոնթատոր, որ մաս կը կազմէ Թինքոֆ Սաքսօ խումբին, «Էլ Մունտօ» օրաթերթին հետ կատարած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ կը մտադրէ այս տարի մասնակցիլ միայն «Թուր տը Ֆրանս»-ին եւ «Ժիրօ տ՛իթալիա»-ին: Նշենք, որ ռուսական սեփականութիւն եղող խումբին...

Հեծելարշաւ Լենս Արմսթրոնկ Պիտի Վերադարձնէ 10 Միլիոն Ամերիկեան Տոլարը

Ամերիկացի հեծելանւորդ Լենս Արմսթրոնկի հրահանգ տրուեցաւ 10 միլիոն ամերիկեան տոլարի գումար մը վերադարձնել մարզական ապահովագրութեան ընկերութեան` նկատի ունենալով, որ ան խոստովանած էր, թէ խթանիչ դեղեր գործածած էր: Տալասի մէջ գտնուող «Էս. Սի. Էյ.» ընկերութիւնը Արմսթրոնկի վճարած էր 12 միլիոն ամերիկեան տոլար, որ սակայն մեծ մասով պիտի վերադարձուի իրեն, որովհետեւ այս գծով դատական կազմը որոշում տուած էր եւ Արմսթրոնկ ստիպուած է...

«Չեմփիընզ Լիկ». Երէկուան Երկու Մրցումներն Ալ Աւարտեցան Հաւասարութեամբ

Երէկ գիշեր, ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունեցան «Չեմփիընզ լիկ»-ի երկու ճակատումներ, որոնք աւարտեցան հաւասարութեամբ: Չելսի, որ հիւրն էր Փարիզ Սեն Ժերմենի, յաջողեցաւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրել, մինչ 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտեցաւ Շախտիոր Տոնեցք - Պայէրն Միւնիխ մրցումը: Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն, Պալ կը հիւրընկալէ Փորթոն, իսկ Շալքէ` Ռէալ Մատրիտը: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը...

Ֆութսալ. Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարք. Յստակացան Կիսաւարտականին Հասնող 4 Խումբերը

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան կիսաւարտական հանգրուան հասնող չորս խումբերը: Լիբանանի ախոյեան Պէյրութի դրամատունը քիչ մը դժուարութեամբ` 4-3 արդիւնքով յաղթեց Մայատինի` երկարաձգումէն ետք: Կիսաւարտականին Պէյրութի դրամատունը պիտի մրցի «Էյ. Եու. Էս. Թի.»-ին դէմ, որ յաղթեց Պրուս Քաֆէին` 7-1 արդիւնքով: Լիբանանեան բանակը, որ յաղթեց Ղըպէյրիի (10-2), կիսաւարտականին իր դէմ պիտի...

Մովսիսեան Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Սպարտակի Հետ

Նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր ակումբին` Սպարտակ Մոսկուայի հետ, յայտնեց ռուսական ակումբին պաշտօնական կայքը: Իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելէ ետք Մովսիսեան ըսաւ. «Այսօր շատ կարեւոր օր մը եղաւ ինծի համար, երբ որոշեցի մնալ Սպարտակի կազմին մէջ: Նկատի ունենալով, որ խումբը երկրին ֆութպոլի լաւագոյն ակումբն է, կ՛ուզեմ ամէն գնով յաջողութիւններու հասնիլ անոր հետ եւ անոր...

Դահուկացատկ. Աշխարհի Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատուեցաւ

Նորվեկիական Վիքերսունտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող դահուկացատկի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, աշխարհի նոր մրցանիշ մը հաստատուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին: Սլովենիայէն Փիթըր Փրեւց հանդիսացաւ 23-րդ հանգրուանին յաղթականը` երկու փորձերուն արձանագրելով 438,8 մեթր արդիւնք մը, կը յայտնէ ArmSport.am: Յատկանշականը եղաւ այն, որ Փրեւց երկրորդ փորձի ժամանակ 250 մեթր ցատկելով հաստատեց դահուկացատկի աշխարհի նոր մրցանիշ մը:

Թեքուանտօ.  «Էն. Տի. Եու.» Կը Հիւրընկալէ Համալսարաններու Ախոյեանութիւնը

Թեքուանտօ. «Էն. Տի. Եու.» Կը Հիւրընկալէ Համալսարաններու Ախոյեանութիւնը

Շաբաթ, 21 փետրուարին, «Էն. Տի. Եու.» համալսարանը (Զուք Մոսպեհ) կը հիւրընկալէ Լիբանանեան համալսարաններու թեքուանտոյի ախոյեանութիւնը: Լիբանանեան համալսարաններու մարզական ֆետերասիոնը հաղորդեց, որ նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ մարզիկներու արձանագրութեան ժամկէտը: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 68 մարզիկներ` լիբանանեան տարբեր համալսարաններէ: Նշենք, որ այս ախոյեանութեան տիտղոսակիրները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն յուլիսին Կուանժուի մէջ (Հարաւային Քորէա) տեղի ունենալիք աշխարհի համալսարաններու ախոյեանութեան:  

Հայ Աթլեթները Յաղթանակներ Արձանագրեցին Իրանի Միջազգային Մրցաշարքին

Հայաստանի աթլեթիզմի հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքին, արձանագրեց փայլուն արդիւնքներ: Աղջկանց 800 մեթր վազքի մրցումին, Լիլիթ Յարութիւնեան` արձանագրելով 2' 15" 41 արդիւնք մը, հանդիսացաւ առաջին: 3000 մեթր վազքի մրցումներուն 11' 10" 80 արդիւնք մը արձանագրելով` ախոյեանի տիտղոսին արժանացաւ Էլլաթա Ալավերդեան: Ան մասնակցեցաւ նաեւ 1500 մեթր վազքի մրցումին եւ 5' 00" 15 արդիւնք...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր Եւ Վաղը` 1-16-րդ Հանգրուանի Մրցումներ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան երկուքական մրցումներ: Նշենք, որ մրցումները այսուհետեւ տեղի կ՛ունենան նաք-ասութի դրութեամբ: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ» Փարիզ Սեն Ժերմեն - Չելսի 21:45 Շախտիոր Տոնեցք - Պայէրն Միւնիխ 21:45 ՎԱՂԸ Պալ - Փորթօ 21:45 Շալքէ - Ռէալ Մատրիտ 21:45

«Էն. Պի. Էյ.» – «Օլ-Սթար»-ի Մրցում. Արեւմտեան Շրջանը Յաղթեց Արեւելեանին` 163-158 Արդիւնքով

Ռասըլ Ուեսթպրուք Երէկ տեղի ունեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան սպասուած` «Օլ-Սթար»-ի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու լաւագոյն մարզիկները: Այս ճակատումը աւարտեցաւ Արեւմտեան շրջանին յաղթանակով: Վերջինս արձանագրեց 163-158 արդիւնքով յաղթանակ մը: Օքլահոմա Սիթիի մաս կազմող Ռասըլ Ուեսթպրուք, որ նշանակեց 41 կէտ` ի նպաստ յաղթական կազմին, մրցումին աւարտին ընտրուեցաւ լաւագոյն մարզիկը (MVP): Յաղթական խումբին մաս կազմող...

Թեհրանի Մէջ Հայ Ըմբիշները Մետալի Չկրցան Տիրանալ

Նախորդ շաբաթավերջին Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ աւարտեցաւ ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարք մը, որ տեղի կ՛ունենար 35-րդ անգամ ըլլալով: Հայաստանի 11 ըմբիշներէն ամէնէն լաւ արդիւնքները ձեռք ձգեցին Նարեկ Սիրունեան (65 քկ) եւ Իշխան Պօղոսեան (70 քկ), որոնք մօտ էին պրոնզ մետալի տիրանալու, սակայն պարտութիւններ կրելով գրաւեցին 5-րդ դիրքը: Վնասուածքի պատճառով Իրան չկրցաւ մեկնիլ Միհրան Ջափուրեան (57 քկ): Այսպիսով, հայ ըմբիշները Իրանէն վերադարձան...

Օրբելի Համբարձումեան Վնասուածք Ստացաւ

Օրբելի Համբարձումեան Վնասուածք Ստացաւ

Ինչպէս ծանօթ է, ուսումնամարզական հաւաք կատարելու նպատակով Անթալիա մեկնեցաւ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի խումբերէն Բանանց: Անոր հետ հաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ Օրբելի Համբարձումեան, որ սակայն փորձերէն մէկուն ընթացքին վնասուածք ստացաւ: Քննութիւններէն ի յայտ եկաւ, որ իր ստացած այդ վնասուածքին պատճառով, ան պիտի չկարենայ շարունակել ուսումնամարզական հաւաքը: Ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ֆութպոլիստը վերադարձաւ Հայաստան` նկատի ունենալով, որ անոր բուժումը պիտի կատարուի Երեւանի...

Ռաքիթիչ Կը Մերժէ Մանչեսթըր Սիթիի Եւ Արսենալի Առաջարկները

«Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ» կը հաղորդէ, որ անգլիական երկու ակումբներ` Մանչեսթըր Սիթի եւ Արսենալ, շատ մօտէն հետաքրքրուած են Պարսելոնայի միջնապահ Իվան Ռաքիթիչով: Վերոնշեալ ակումբներուն պատասխանատուները այս ախոյեանութեան ընթացքին հաղորդակցութեան մէջ մտած են խրուաթ ֆութպոլիստին հետ, որ սակայն յայտնած է, թէ մտադիր չէ հեռանալ Պարսելոնայէն: Նշենք, որ «Լա լիկա»-ի ընթացքին ախոյեանութեան, Ռաքիթիչ 19 մրցումի ընթացքին նշանակած է 3 կոլ եւ կատարած 4...

Պենզեմա Շրջանցեց Ռոնալտոն

Պենզեմա Շրջանցեց Ռոնալտոն

Ռէալ Մատրիտի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա նախորդ շաբաթավերջին Տեփորթիւօ Քորունայի բերդին մէջ իր նշանակած կոլին շնորհիւ շրջանցեց արքայական ակումբին նախկին յառաջապահ պրազիլցի Ռոնալտոն: Մէջբերելով «ԱՍ» կայքին հրապարակած մէկ լուրը` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ ֆրանսացին իր տրամադրութեան տակ ունի 84 կոլ, մինչ Ռոնալտօ` 83: Մատրիտցիներու խումբին հետ իր կատարած 268 մրցումի ընթացքին Պենզեմա նշանակած է 129 կոլ:

Քոլօ Թուրէ Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Միջազգային Ասպարէզը

Իր երկրին` Փղոսկրեայ Ափունքի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ Ափրիկէի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին տիրացած յետսապահ Քոլօ Թուրէ, նախորդ շաբաթավերջին եկաւ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի միջազգային ասպարէզին: 34 տարեկան Թուրէ, որ մաս կը կազմէ Լիվըրփուլի, իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ելոյթ սկսաւ ունենալ 2000-էն ի վեր` մասնակցելով աւելի քան 100 մրցումի: Նշենք, որ Ղանայի դէմ տեղի ունեցած այդ աւարտական մրցումին, որ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Կրեց Դարձի Իր Չորրորդ Յաջորդական Պարտութիւնը` Այս Անգամ 40 Կէտի Տարբերութեամբ

ՀՄԸՄ - Ռիատի մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ դարձի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 14 փետրուարին, ՀՄԸՄ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռիատի Պէյրութը: Մրցումը աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ ՀՄԸՄ կրէ դարձի իր չորրորդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ` 40 կէտի տարբերութեամբ` 115-75 արդիւնքով (16-26, 33-45,...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սաֆա Պարուք` 0-0

Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Լեռնալիբանանի նահանգի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութիւնը, որուն մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը: ՀՄԸՄ, որ Ա. հանգրուանին իրեն մրցակից ունէր Սաֆա Պարուքը, 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ սկսաւ ախոյեանութիւնը` Քֆարշիմայի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին: Բ. հանգրուանին ՀՄԸՄ-ի մրցակիցն է Մասիս: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Շարքի դաշտին վրայ, կիրակի, 22 փետրուարին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին: Նշենք, որ խումբին...

Սամպօ.  Մաւրիկ Նասիբեան Մինսքի Մէջ Տիրացաւ Պրոնզ Մետալի

Սամպօ. Մաւրիկ Նասիբեան Մինսքի Մէջ Տիրացաւ Պրոնզ Մետալի

Նախորդ 12-13 փետրուարին Մինսքի մէջ տեղի ունեցաւ 2015-ի Սամպոյի աշխարհի բաժակի մրցաշարքը: Հայ մարզիկ Մաւրիկ Նասիբեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ 74 քկ դասակարգի մրցումներուն, 3-րդ դիրքը գրաւելով տիրացաւ պրոնզ մետալին, կը յայտնէ ArmSport.am:

Page 1257 of 1274 1 … 1,256 1,257 1,258 … 1,274

Արխիւներ