Իր 84 տարեկան հասակին մահացաւ պասքեթպոլի անուանի մարզիչ Ճերի Թարխանեան, կը հաղորդէ ArmSport.am:
Ան կը հանդիսանար ամերիկեան համալսարաններու ամէնէն շատ յաջողութիւն գտած մարզիչներէն մէկը, յատկապէս Նեւատայի համալսարանին հետ իր ունեցած յաջողութիւններով: 1973-էն 1992 ան այդ համալսարանին մէջ եղած է մարզիչ:
Ան մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տօնած է 706 յաղթանակ եւ կրած 198 պարտութիւն:
Նշենք, որ ան մարզիչի իր ասպարէզը աւարտեց 2002-ին: