ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականը այս օրերուն ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ Ծաղկաձորի մէջ:
Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան արդէն իսկ որոշած է այն կազմը, որ պիտի մասնակցի 19-20 փետրուարին Թեհրանի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի բաժակի մրցաշարքին:
Այս մրցաշարքին, Հայաստանը պիտի ներկայացնեն հետեւեալ ըմբիշները. Արթուր Մկրտչեան (59 քկ), Գոռ Սիրեկանեան (66 քկ), Ռաֆայէլ Ալեքսանեան (71 քկ), Կարապետ Չալեան (75 քկ), Էդուարդ Սարգսեան (80 քկ), Մաքսիմ Մանուկեան (85 քկ), Վահէ Սիմոնեան (98 քկ) եւ Էտկար Խաչատրեան (130 քկ):
Հայկական աղբիւրին համաձայն, այս անգամ մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ տարբեր ձեւով: 10 խումբերու փոխարէն, մրցաշարքին պիտի մասնակցին 2014-ի աշխարհի խմբային ախոյեանութեան առաջին ութ դիրքերը գրաւած հաւաքականները:
Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը նշեց, որ վիճակահանութեան արդիւնքներով Հայաստանի հաւաքականը մաս կազմեց Բ. խմբակին, որուն ծիրին մէջ մրցաշարքին առաջին օրը պիտի մրցի Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Հունգարիոյ դէմ:
Նշենք, որ հիւրընկալ երկրին` Իրանի ըմբիշները իրենց ելոյթները պիտի կատարեն մարզիչ Էդուարդ Սահակեանի գլխաւորութեամբ:


