Լիբանանի պասքեթպոլի 2001-2002-ի ծնունդ աղջկանց ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ Անթիլիաս կատարեց իր առաջին մրցումը եւ արձանագրեց 41-34 արդիւնքով յաղթանակ մը` Շանվիլի դէմ:
Ա. կիսախաղին ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները կը յառաջանային 19-11 արդիւնքով:
Նշենք, որ խումբին մարզիչն է Վարդուկ Մարգարեան, որ յաջողած է յառաջացնել բաւական զօրաւոր խումբ մը:
Կիրակի, 22 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, ՀՄԸՄ կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը` Ժամհուրի դէմ:
Բ. խմբակի այս բոլոր մրցումները տեղի կ՛ունենան ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):