Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը կատարէ իր առաջին մրցումը` Անուարի դէմ:
Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ` Նաքքաշ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի այսօր ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները: