Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 32-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Պորուսիա Տորթմունտ, որ 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Հերթա Պերլինին, բարձրացաւ 7-րդ դիրք:
Յառաջիկայ տարեշրջանին «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին մասնակցելու համար Տորթմունտ պէտք է գրաւէ 5-րդ դիրքը, իսկ անոր զտումի մրցաշարքին մասնակցելու համար պէտք է գրաւէ 6-րդ դիրքը:
Թէեւ Պերլինի դէմ տեղի ունեցած մրցումին Տորթմունտի երկու կոլերը նշանակեցին երկու տարբեր մարզիկներ, սակայն այդ երկու կոլերուն փոխանցումը կատարեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:
Նշենք, որ ախոյեան հանդիսացած Պայէրն Միւնիխ Օկզպուրկէն կրեց տարեշրջանի իր 4-րդ պարտութիւնը` 1-0 արդիւնքով: