«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձին ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 12 մայիսին տեղի պիտի ունենայ Պայէրն Միւնիխ – Պարսելոնա դարձի մրցումը, որ բնականաբար պիտի ըլլայ բաւական ճակատագրական դաշտին տիրոջ համար` նկատի ունենալով, որ անիկա երթին 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սպանիոյ մէջ:
Գերմանիոյ ախոյեանը մրցաշարքէն դուրս չմնալու համար նուազագոյնը պէտք ունի 4-0 արդիւնքով յաղթանակի մը:
Նշենք, որ այսօրուան կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն է անգլիացի Մարք Քլաթենպուրկ:
Ինչ կը վերաբերի կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, անիկա տեղի պիտի ունենայ վաղը: Այդ մրցումին ընթացքին Ռէալ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Եուվենթուսը, որմէ երթին 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
Նշենք, որ երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: