Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ ուրբաթ, 15 մայիսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտականի 4-րդ մրցումը` ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ Ռիատի Պէյրութի միջեւ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին:
Իսկ ինչ կը վերաբերի 5-րդ մրցումին, անիկա տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 17 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Մանարայի դաշտին վրայ:


