
Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Մատրիտի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` 2-րդ դասուած անգլիացի Էնտի Միւրէյի եւ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալի (3-րդ) միջեւ:
Աւազոտ դաշտի վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, Միւրէյ 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով տիրացաւ տիտղոսին` 1 ժամ 29′ տեւած ճակատումէ մը ետք:
Այսպիսով, Միւրէյ տիրացաւ իր ասպարէզին 33-րդ տիտղոսին: