Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ քարաթէի միջազգային մրցաշարքի մը ընթացքին տեղի ունեցած է բախում մը` հայ եւ ազրպէյճանցի մարզիկներուն միջեւ, կը յայտնէ ArmSport.am:
«Ինչ կը վերաբերի համացանցին վրայ տարածուած տեղեկութեան` Թիֆլիսի մէջ հայ մարզիկներուն վրայ ազրպէյճանցի վայրի ամբոխին յարձակման վերաբերեալ, կը յայտնեմ, որ Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը, նախարար Գաբրիէլ Ղազարեանի յանձնարարութեամբ, կը փորձէ կապ հաստատել Հայաստանի քարաթէի ազգային հաւաքականին հետ եւ պարզել կատարուածին մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ կազմակերպիչներուն եւ միջազգային ֆետերասիոնին հետ հարցը քննարկելէ եւ փաստերը պարզելէ ետք, պիտի ըլլան համապատասխան գնահատականներ եւ պիտի ներկայացուի հայկական կողմին պաշտօնական դիրքորոշումը:
«Անհրաժեշտութեան պարագային, պիտի կիրարկուին համապատասխան պատժամիջոցներ, նոյնիսկ մինչեւ որակազրկում եւ արգելք` մասնակցելու միջազգային մրցաշարքերուն, այնպէս ինչպէս պատահեցաւ սամպոյի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին ընթացքին, Հայաստանի պետական օրհներգին հնչած միջոցին, կիսով նստած ազրպէյճանցի մարզիկին նկատմամբ:
«Անգամ մը եւս կը կրկնեմ, որ հայկական կողմին գնահատականը եւ վերջնական յայտարարութիւնը պիտի ըլլայ միմիայն մեր պատուիրակութեան եւ վերոնշեալ կազմակերպութիւններուն հետ քննարկումները աւարտելէ ետք», յայտնեց Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Աստղիկ Մարտիրոսեան: