2016 տարեշրջանին Շապապ Ֆաուար ելոյթ պիտի ունենայ Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ` նկատի ունենալով, որ անիկա հանդիսացաւ Բ. դասակարգի ախոյեան` աւարտականի մրցումին 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շապապ Հարեթ Սայտայի:
Վերջինս ցարդ իր յոյսերը չէ կորսնցուցած Ա. դասակարգ բարձրանալու համար` նկատի ունենալով, որ փլէյ-օֆի մրցում ունի կատարելիք Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտին` դասաւորման 11-րդ դիրքը գրաւող խումբին հետ:
3-րդ դիրքը գրաւեց Շամրան Պայսարիէ, իսկ 4-րդ դիրքը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ:
Շապապ Ֆաուարի մաս կազմող մարզիկներն են.
Հիլալ Մուխթար, Ժալալ Թաուիլ, Շարպել Մարուն, Ժան-Փիեռ Ֆարժալլա եւ Անթուան Ժըրէյժ:
Աւարտական այս մրցումէն ետք, որ տեղի ունեցաւ Մոլ լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ), տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին անդամներուն կողմէ: