Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2015 տարեշրջանի ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կատարեց իր առաջին մրցումը` Անուարի դէմ:
ՀԲԸՄ «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցած այս մրցումին, թէեւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը 35-29 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր մրցակիցէն, սակայն ՀՄԸՄ-ի մարզիկները յաջողեցան բաւական լաւ ներկայացում մը կատարել եւ իրենք զիրենք տպաւորել:
Բ. հանգրուանին գծով, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մրցակիցը պիտի ըլլայ Հուփս-Մաթըն: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ նոյն վայրին մէջ` կիրակի, 17 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին: