Մարզական

Աթլեթիզմ. Ասիոյ 16-17 Տարեկանէն Վար Կրտսերներու Ախոյեանութիւն Լիա Օպէյտ Լիբանանին Ապահովեց Արծաթ Մետալ Մը

Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունեցող Ասիոյ աթլեթիզմի կրտսերներու առաջին ախոյեանութեան (16-17 տարեկանէն վար), նախորդ շաբաթավերջին Լիա Օպէյտ, Լիբանանին ապահովեց արծաթ մետալ մը, երբ աղջկանց 100 մեթր վազքի մրցումներուն արձանագրեց 12" 22 արդիւնք մը: 16 տարեկան Օպէյտ, որ մաս կը կազմէ Շանվիլ ակումբին, Լիբանանի մէջ տարբեր տեսակի ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու մասնակցելով տիրացած է տարբեր տեսակի տիտղոսներու եւ մետալներու: Նշենք, որ Լիբանանի...

Զուիցերիական Ֆութպոլ. Արտեոմ Սիմոնեան` Կոլի Փոխանցման Հեղինակ

Զուիցերիոյ ֆութպոլի Գ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան 27-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Ցիւրիխի Բ. խումբը 1-0 արդիւնքով յաղթեց Օլտ Պոյզին: Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականին միջնապահ Արտեոմ Սիմոնեան յաղթական կազմին հետ դաշտ ներկայացաւ 75 վայրկեան: Անոր մէկ փոխանցումէն ետք նշանակուեցաւ մրցումին միակ կոլը: ArmSport.am մարզական լրատուական կայքը կը շարունակէ նշելով, որ Ցիւրիխ Բ.-ը կը գլխաւորէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Արթուր Պետրոսեան:...

«Լա Լիկա». Պարսելոնա` 4 Կէտի Առաւելութեամբ Առաջին

Նէյմար Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 36-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա կարեւոր քայլ մը առաւ դէպի ախոյեանութեան տիտղոս, երբ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռէալ Սոսիետատը: Նէյմար գլուխով նշանակեց Պարսայի առաջին կոլը (51-րդ), մինչ 2-րդը նշանակեց Փետրօ Ռոտրիկես` սքանչելի տապըլ-քիքով մը (86-րդ): Պարսելոնայի արձանագրած այս յաղթանակը նկատուեցաւ բաւական կարեւոր, այն իմաստով, որ անիկա այժմ 4 կէտի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Շանվիլ Չկրցաւ Այլ Յաղթանակ Մը  Արձանագրել Ռիատիի Դէմ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շանվիլ Չկրցաւ Այլ Յաղթանակ Մը Արձանագրել Ռիատիի Դէմ

Շանվիլ - Ռիատի մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումները նախորդ շաբաթավերջին հասան իրենց աւարտին, երբ Տիք Մըհտիի մէջ տեղի ունեցաւ Շանվիլ - Ռիատի Պէյրութ 6-րդ մրցումը: Շանվիլ, որ նախանցեալ ուրբաթ օր մեծ անակնկալ մը ստեղծած էր, երբ յաջողած էր դառնալ այս տարեշրջանի առաջին խումբը, որ կրցաւ յաղթել Ռիատիի` անոր սեփական դաշտին վրայ, 6-րդ մրցումին իր մեծաթիւ...

Հոլանտական Ֆութպոլ. Նորայր Ասլանեան` Կոլի Հեղինակ

Հոլանտացի ֆութպոլի առաջին դասակարգի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Ալմեր Սիթի 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Տեն Պոշի հետ: Հիւր խումբին` Ալմեր Սիթիի եւ մրցումին հաշիւը բացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Նորայր Ասլանեան (3-րդ), որ իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ 90 վայրկեան: Հակառակ իր արձանագրած այս հաւասարութեան, Ալմեր Սիթի բաւական առաջ արդէն իսկ ապահոված էր բարձրագոյն դասակարգ բարձրանալու փլէյ-օֆի մրցումներուն իր...

«Լիկ-1». Փարիզ Սեն Ժերմեն` Տիտղոսին Տիրանալու Սեմին

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 36-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, նախապէս պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիոնի ախոյեանութեան տիտղոսին տիրանալու յոյսերը կը նկատուին գրեթէ չքացած` նկատի ունենալով, որ անիկա 3-0 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Քանի դաշտէն: Լիոն այժմ վեց կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմենէն, որ 6-0 արդիւնքով ջախջախեց իր հիւրը` Կենկանը: Եթէ իր կատարելիք վերջին երկու մրցումներէն Փարիզ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթեց Ռիատիին (54-41) Եւ Հաւասարեցուց Արդիւնքը (1-1)

Երէկուան` ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Ռիատի մրցումէնPROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումին, որ տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրընկալեց Ռիատի Պէյրութը: ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ իր կատարած առաջին մրցումին պարտուած էր, երէկ 54-41 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով (11-13, 23-26, 41-34 եւ 54-41) արդիւնքը հաւասարեցուց (1-1): ՀՄԸՄ-ի մարզիկները`...

Համահայկական Ամառնային 6-րդ Խաղերուն Ջահը Պիտի Վառի Շուշիի Մէջ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան նախանցեալ օր ընդունեց Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերուն կազմակերպիչները` գլխաւորութեամբ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանին: Ողջունելով իր հիւրերը` նախագահ Սահակեան յատկանշական նկատեց այն, որ այս հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ երկու պետութիւններուն համար շատ կարեւոր` Մայիսեան փառատօնին նախօրեակին: Իշխան Զաքարեան շնորհակալութիւն յայտնելով այս ընդունելութեան համար տեղեկացուց, որ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով Արցախի մէջ պիտի կիրարկուին...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Ռէալ Մատրիտ – Վալենսիա

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ պիտի կատարուին բաւական հետաքրքրական ճակատումներ, որոնց կարգին` Ռէալ Մատրիտ - Վալենսիա զօրաւոր ճակատումը: Պարսելոնա համեմատաբար աւելի թեթեւ ճակատում մը ունի կատարելիք` Ռէալ Սոսիետատի դէմ: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ՍՊԱՆԻԱ. 36-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.   ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Կրանատա (19) - Քորտոպա (20) 17:00 Պարսելոնա (1) -...

Ճատրակ. Արման Միքայէլեան Եւ Դաւիթ Գէորգեան Միջազգային Վարպետի Կոչում Ստացան

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am կը հաղորդէ, որ ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՏԷ-ն միջազգային վարպետի կոչում շնորհած է հայրենի երկու ճատրակ խաղացողներու` Արման Միքայէլեանին եւ Դաւիթ Գէորգեանին: Նշենք, որ Միքայէլեան Հայաստանի ճատրակի փոխախոյեանն է եւ քանի մը անգամ արդէն իսկ լրացուցած է կրանտմասթըրի չափանիշը:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատիի Դաշտին Վրայ Վերջինիս Յաղթած Առաջին Խումբը` Շանվիլ

Երէկուան` Ռիատի - Շանվիլ մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի Ռիատի Պէյրութ - Շանվիլ 5-րդ ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան` Մանարայի դաշտին վրայ: Նախքան այս մրցումը, Ռիատի, որ 3-1 արդիւնքով կը գերազանցէր իր մրցակիցին, յաղթանակի մը պէտք ունէր ապահովելու համար աւարտականի իր տոմսը: Իր կարգին, Շանվիլ պէտք ունէր յաղթանակի մը` մրցաշարքէն դուրս չմնալու համար: Բաւական հետաքրքրական...

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Տղոց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկսան Լիբանանի փինկ փոնկի Բ. դասակարգի տղոց ախոյեանութեան մրցումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լիբանանի բոլոր նահանգներէն 12 խումբեր` հետեւեալ ձեւով. Պէյրութի նահանգ` Շապապ - Պէյրութ: Լեռնալիբանանի նահանգ` Անդրանիկ Անթիլիաս, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս, Շեպիպեթ Ամիլա - Ֆըրն Շըպպեք եւ Շապապ Զուք Մոսպեհ: Հարաւի նահանգ` Շըմրան Պայսարիէ, Հարեթ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 74-55

Ռիատի Պէյրութ - ՀՄԸՄ Անթիլիաս առաջին մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումին, Ռիատի Պէյրութ իր դաշտին` Մանարայի մէջ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Անթիլիասը: Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Ռիատիի յաղթանակով, 74-55 արդիւնքով (20-9, 38-27, 55-38 եւ 74-55): ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը այս մրցումին դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ մարզիկներով (փակագիծերուն մէջ նշուած են անոնց դաշտ ներկայացած ժամանակը եւ նշանակած կէտերը)....

Լիբանանի Պասքեթպոլի Աղջկանց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Առաջին Մրցակիցը` Անուար

Երեքշաբթի, 12 մայիսին, կը սկսին Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի 2014-2015 տարեշրջանի ախոյեանութեան մրցումները: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը իր առաջին մրցումին պիտի ճակատի Անուարի դէմ, երեկոյեան ժամը 18:00-ին: Նշենք, որ բոլոր մրցումներն ալ տեղի պիտի ունենան ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ` Նաքքաշ: Մրցումները տեղի պիտի ունենան երթի դրութեամբ միայն եւ ոչ թէ երթուդարձով, այսինքն` խումբերը իրարու դէմ կը ճակատին միայն մէկ...

Ասիոյ Կրտսերներու Աթլեթիզմի Ախոյեանութիւն. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Քաթար

Երէկ` հինգշաբթի, 7 մայիսին Տոհա (Քաթար) մեկնեցաւ Լիբանանի աթլեթիզմի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 8-11 մայիսին տեղի ունենալիք Ասիոյ աթլեթիզմի կրտսերներու ախոյեանութեան: Քաթարի եւ Ասիոյ աթլեթիզմի ֆետերասիոններու նախագահ Համատ Տահլանի յատուկ հրաւէրով Տոհա կը մեկնի նաեւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին նախագահը` Ռոլան Սաատէ: Նշենք, որ հոն լիբանանեան պատուիրակութեան կը միանայ լիբանանցի աթլեթ Ժան-Քլոտ Ֆայսալ, որ բնակութիւն հաստատած է Քաթարի մէջ եւ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա – Պայէրն Միւնիխ` 3-0

Լիոնել Մեսսիի երկրորդ կոլը «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի երկրորդ մրցումը, որ աւելի քան 95 հազար համակիրներու ներկայութեան իրարու դէմ հանեց Պարսելոնան եւ Պայէրն Միւնիխը` «Նու Քամփ»-ի մէջ, աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 3-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 0-0): Լիոնել Մեսսի նշանակեց Պարսելոնայի երկու կոլերը (77-րդ եւ 80-րդ), մինչ երրորդ եւ վերջին կոլը նշանակեց Նէյմար (94-րդ): Բնականաբար, այս պարտութիւնը գէշ օր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի 3-1 Արդիւնքով Գերազանցեց Շանվիլը

Շանվիլ - Ռիատի մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի ծիրին մէջ, Շանվիլ - Ռիատի Պէյրութ չորրորդ մրցումը աւարտեցաւ ի նպաստ Ռիատիի, որ արձանագրեց 81-71 արդիւնքով յաղթանակ մը (14-25, 38-42, 56-60 եւ 71-81)` Տիք Մըհտիի մէջ տեղի ունեցած մրցումին: Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Իսմայիլ Ահմետ (20 կէտ, 16 ռիպաունտ), իսկ Շանվիլէն Ռոնի Ֆահտ` 19 կէտ: Իր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տղոց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Լուէյզի Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լուէյզի (Զուք, Մոսպեհ), 74-62 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Ֆէյթրունը, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Նշենք, որ առաջին մրցումին Լուէյզի 20-0 ի բացակայութեան յաղթելէ ետք Ֆէյթրունի, 2-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը` առանց սպասելու 3-րդ եւ վերջին մրցումին, որ պիտի չկատարուի: Աւարտականին անիկա իր դէմ պիտի ունենայ Անդրանիկ Պէյրութ - Ամալ Պիքֆայա...

Ճատրակ. 2015-ի Դպրոցական Ախոյեանութիւն. Մեսրոպեան Վարժարանը Հանդիսացաւ Երրորդ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 3 մայիսին, «Պրումմանա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ 2015-ի ճատրակի դպրոցական ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 91 երկսեռ ճատրակ խաղացողներու, որոնք կը ներկայացնէին 26 վարժարաններ` լիբանանեան տարբեր շրջաններէն: Տեղի ունեցան 6 երկսեռ դասակարգերու մրցումներ` 8-էն 18 տարեկան: Անհատական մրցումներուն առաջին դիրքերը գրաւեցին հետեւեալները. ՏՂԱՔ Մոհամետ Ֆարհաթ (8 տարեկանէն վար, Օրթոտոքսիէ,Համրա), Մոհամետ Ժաուիշ (10 տարեկանէն վար, Պայատեր), Մոհամետ Քապալան (12...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս Առաջին Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի, 6 մայիսին, երբ Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ հիւրընկալէ ՀՄԸՄ Անթիլիասը: Մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին: Ինչպէս ծանօթ է, հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան: Նկատի ունենալով, որ Ա. հանգրուանի մրցումներուն աւարտէն ետք Ռիատի Պէյրութ գրաւեց ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի...

Page 1231 of 1275 1 … 1,230 1,231 1,232 … 1,275

Արխիւներ