Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ երէկ` «Լանքասթըր Փլազա» պանդոկին մէջ (Ռաուշէ), «Ինթըր Քամփոս» ծրագիրի նախագահ եւ Թատամոն Սուրի նախկին նախագահ Շարիֆ Ուըհպէ պատուեց եւ մեծարեց Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարը, որ վերջերս ընտրուած էր Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ:
Մեծարման այս երեկոյին ներկայ էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի եւ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէներու անդամ Թոնի Խուրի, հարաւային Լիբանանի խորհուրդի նախագահ Քապալան Քապալան, խորհրդարանի ընդհանուր տնօրէն Ահմետ Պաալպաքի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ֆետերասիոններու եւ ակումբներու նախագահներ, քաղաքական բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
Յատուկ տեսերիզով մը ցուցադրուեցաւ Հաշեմ Հայտարի տարած յաղթանակը` Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին ընտրութիւններուն ընթացքին:
Իրենց արտասանած խօսքերուն մէջ, նախարար Հըննաուի, Շարիֆ Ուըհպի եւ Ժան Համմամ շնորհաւորանքի իրենց խօսքերը փոխանցելով Հաշեմ Հայտարի, անոր մաղթեցին նորանոր յաջողութիւններ:
Խօսք առնելով` Հաշեմ Հայտար ըսաւ, որ իր արձանագրած այս յաղթանակը Լիբանանի յաղթանակն է, որուն ընդմէջէն երկրին անունն է, որ կը պահուի բարձր` միջազգային գետնի վրայ:
Ան յոյս յայտնեց, որ լիբանանցի համակիրները կը զօրակցին Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին, որ մօտիկ ապագային պիտի սկսի իր զտումի մրցումները կատարել Ասիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան եւ 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով:
Ապա այս առիթով տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում: