Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Անն – Մարի Ապտելքարիմի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի 4-րդ մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ Հուփսի Հազմիէ ակումբին եւ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ:
1997-1998, 1999-2000 եւ 2001-2002 դասակարգերու մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ ակումբները. Ռիատի Պէյրութ, Էներճի Ռիատի, Շանվիլ Տիք Մըհտի, ՀՄԸՄ Պէյրութ, Ուխուուա Հատաս, Շիահ Ռիատի, Հուփս – Պէյրութ եւ Հուփս – Միշել Մըր:
Երեք դասակարգերու տիտղոսներուն ալ տիրացան Հուփսի խումբերը` հետեւեալ ձեւով.
2001-2002.- Հուփս – Միշել Մըր – Ռիատի Պէյրութ` 37-18
1999-2000.- Հուփս – Պէյրութ – Հուփս – Միշել Մըր` 44-32
1997-1998.- Հուփս Պէյրութ – Հուփս – Միշել Մըր` 58-28
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Հուփս ակումբին նախագահ Ժասեմ Քանսոյի եւ այլ պատասխանատուներու: