Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Անդրանիկ Պէյրութ – Ամալ Պիքֆայա առաջին ճակատումը:
Ամալ Պիքֆայա 1-0 արդիւնքով գերազանցեց Անդրանիկը` 61-58 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով (10-13, 18-31, 41-45 եւ 58-61):
Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երեքշաբթի, 12 մայիսին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Շանվիլի դաշտին` Տիք Մըհտիի մէջ:
Եթէ պատահի, որ Ամալ Պիքֆայա յաղթանակ մը եւս արձանագրէ, պիտի ապահովէ աւարտականի իր տոմսը, ուր իր դէմ պիտի ունենայ Լուէյզին:
Սակայն եթէ պատահի, որ Անդրանիկ ինք ըլլայ յաղթականը, արդիւնքը պիտի հաւասարեցնէ 1-1 արդիւնքով եւ պիտի պարտադրէ երրորդ եւ վերջին մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 15 մայիսին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ: