Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Նաամթալլա Պաժժանի յայտարարեց, որ երեքշաբթի, 12 մայիսին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, Տոհայէն (Քաթար) Պէյրութի միջազգային օդակայան կը վերադառնայ Լիբանանի աթլեթիզմի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Ասիոյ աթլեթիզմի կրտսերներու երկսեռ ախոյեանութեան:
Քաթարի մէջ Լիբանան յաջողեցաւ տիրանալ արծաթ եւ պրոնզ մետալներու:
Պաժժանի եզրափակեց, որ յատուկ ընդունելութիւն մը տեղի պիտի ունենայ օդակայանին պատուոյ հիւրասրահին մէջ:


