«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի 2-րդ մրցումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, իրարու դէմ հանեց Ռէալ Մատրիտը, եւ Եուվենթուսը:
Ինչպէս ծանօթ է, երթին արքայական ակումբը Իտալիոյ մէջ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Իտալիոյ մէջ:
Հետեւաբար, անիկա պէտք ունէր յաղթանակի մը` մրցաշարքէն դուրս չմնալու համար: Սակայն ատիկա տեղի չունեցաւ եւ մայրաքաղաքի կազմը, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Եուվէի հետ, դուրս մնաց մրցաշարքէն:
23-րդ վայրկեանին Քրիսթիանօ Ռոնալտօ փենալթիով նշանակեց Ռէալի կոլը, իսկ Ալվարօ Մորաթա` իտալական կազմին կոլը (57-րդ):
Այսպիսով, ապահովելով աւարտականի իր տոմսը, Եուվենթուս իր դէմ պիտի ունենայ սպանական այլ խումբ մը, այս անգամ` Պարսելոնան:
«Սանթիակօ Պեռնապէօ» դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էին 79 հազար հանդիսատեսներ, մինչ օրուան գլխաւոր իրաւարարն էր շուէտացի Եոնաս Էրիքսըն:
Նշենք, որ աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ 6 յունիսին` Պերլինի մէջ (Գերմանիա):