Մարզական

Հեծելարշաւ. Էտկար Ստեփանեան` Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեան

Էտկար Ստեփանեան (կեդրոնը) Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի հեծելարշաւի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Էտկար Ստեփանեան «Սքրաթչ» մրցումին (40 քմ խմբային մրցում) հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, կը յայտնէ ArmSport.am: Այսպիսով, ան դարձաւ Հայաստանի առաջին հեծելանւորդը, որ նման իրագործում մը կը կատարէ: Յաջող ելոյթներ ունեցան նաեւ Փաւել Ստեփանեան եւ Մհեր Մկրտչեան, որոնք յաջորդաբար գրաւեցին 10-րդ եւ 19-րդ դիրքերը: Նշենք, որ նախքան Յունաստան մեկնիլը,...

Գէորգ Ղազարեան Միացաւ Մարիթիմոյի

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Փորթուգալի մէջ: Ինչպէս կը յայտնէ հայ ֆութպոլիստին իրաւունքները ներկայացնող «Պաքեթ Կրուփ Սփորթց Մենեճմընթ» կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը, 26 տարեկան Ղազարեան երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Մարիթիմոյի հետ: Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին, Ղազարեան մաս կազմեց յունական Օլիմփիաքոսին եւ Քերքիրային: ArmSport.am իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ կը խօսուէր Ղազարեանի...

Փարթոմէու Ընտրուեցաւ Պարսելոնայի Նախագահ

Եոսիփ Մարիա Փարթոմէու Պարսելոնա իր պաշտօնական կայքին միջոցով հաղորդեց շաբաթ, 18 յուլիսին տեղի ունեցած քաթալոնական ակումբին նախագահական ընտրութեան արդիւնքները: Նոր նախագահ ընտրուեցաւ Եոսիփ Մարիա Փարթոմէու, որ Սանտրօ Ռոսելի հրաժարականէն ետք վերջին մէկ տարին ժամանակաւորապէս կը զբաղեցնէր այդ պաշտօնը: 52 տարեկան Փարթոմէու ստացաւ ընտրողներու ձայներուն 54,63 առ հարիւրը: Ակումբին նախկին նախագահ (2003-2010) Խուան Լափորթա ստացաւ 33,03 առ հարիւրին, մինչ Ակուսթի Պենետիթօ...

Վիտալի Փոխանցումէն Պայէր Լեւերքուզըն Պիտի Ստանայ 700 Հազար Եւրօ

Արթուրօ Վիտալ Եուվենթոսի չիլիցի միջնապահ Արթուրօ Վիտալ շատ հաւանաբար յառաջիկայ օրերուն դառնայ Պայէրն Միւնիխի ֆութպոլիստ: Այս փոխանցման համար Գերմանիոյ ախոյեանը պիտի վճարէ 35 միլիոն եւրօ: Իտալական ակումբը այդ փոխանցման գումարին 2 տոկոսը պիտի փոխանցէ Պայէր Լեւերքուզընին: Նման պայման գրուած էր ֆութպոլիստին պայմանագրութեան մէջ, երբ ան 2011-ին «Պունտըսլիկա»-էն կը տեղափոխուէր «Սերի-Ա.», կը յայտնէ «Պիլտ»-ը: ArmSport.am իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ...

Տրոկպա Կրնայ Մեկնիլ Միացեալ Նահանգներ

Տիտիէ Տրոկպա Չելսիի նախկին յառաջապահ Տիտիէ Տրոկպա շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Շիքակօ Ֆայըր պայմանագրութիւն մը առաջարկած է Փղոսկրեայ Ափունքի ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին յառաջապահին հետ, կը յայտնէ «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ը: TotalFootball.am կայքը կը հաղորդէ, որ «Մէյճըր լիկ»-ի ախոյեանութեան մասնակցող ակումբը Տրոկպային առաջարկած է 1,5 տարուան պայմանագրութիւն մը` տարեկան 2,5 միլիոն եւրօ աշխատավարձով:  

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Պաքասինի Ռելիին Կը Մասնակցին 28 Ինքնաշարժներ

Ինքնաշարժներուն քննութիւններէն PROFOTO Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին կիրակի, 19 յուլիսին, տեղի պիտի ունենայ Պաքասինի (Ժեզզին) ռելին` մասնակցութեամբ 28 ինքնաշարժներու, յայտնեց կազմակերպիչ ակումբին հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը: Նշենք, որ երէկ տեղի ունեցաւ ինքնաշարժներուն շարժակներուն քննութիւնը, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ` Քասլիք: Այս ռելիին ազդանշանը պիտի տրուի առաւօտեան ժամը 8:30-ին: Ստորեւ` այս ռելիին մասնակցողներուն անունները: 1.- Ժաուատ Սլիմ (Միթսուպիշի Լենսըր Էվօ-10):...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը եւ տուաւ շարք մը որոշումներ: Նախ եւ առաջ ֆետերասիոնը շնորհաւորեց Լիբանանի պիչ-վոլի-պոլի ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը բերելով Շարմ Շէյխի մէջ 8-12 յունիսին տեղի ունեցած Եգիպտոսի առաջին միջազգային մրցաշարքին, տիրացաւ տիտղոսին: Յայտարարուեցաւ որ հինգշաբթի, 27 օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ ֆետերասիոնին տարեկան համագումարը: Նոր...

«Եուրոփա Լիկ». Ալաշկերտ Եւ Շիրակ Պարտուեցան Օտար Դաշտերու Վրայ

ԱԻՔ - Շիրակ մրցումէն «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումները անյաջող սկսան Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները` Ալաշկերտ եւ Շիրակ, որոնք  մրցեցան օտար դաշտերու վրայ: Ալաշկերտ, որ հիւրն էր Քայրաթ Ալմաթիի (Ղազախստան), 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց դաշտին տիրոջմէ: Ալմաթի Ա. կիսախաղին 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ երբ փենալթիով կոլ մը նշանակեց: 2-րդ եւ 3-րդ կոլերը նշանակուեցան 55-րդ...

Պասքեթպոլ. 20 Տարեկանէն Վար. Հայաստան-Մոլտովա` 81-55

Եւրոպայի պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը իր կատարած 4-րդ մրցումին ճակատեցաւ Մոլտովայի դէմ եւ արձանագրեց 81-55 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հայաստանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Անտրէյ Քոնսթանթինով (22 կէտ), ապա` Արտեոմ Թաւաքալեան (17) եւ Ռիչըրտ Էլմոյեան: ArmSport.am հաղորդեց, որ Հայաստանի հաւաքականը կը պայքարի 9-էն 18-րդ դիրքին համար` նկատի ունենալով, որ խմբակներու դրութեամբ իր արձանագրած առաջին յաղթանակէն ետք...

23 Յուլիսէն – 9 Օգոստոս. Պրումաննայի Թենիսի 75-րդ Մրցաշարքը

«Փրենթանիա» պանդոկին մէջ (Պրումմանա) տեղի ունեցած յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ 23 յուլիսէն 9 օգոստոս տեղի պիտի ունենայ Պրումմանայի թենիսի տարեկան 75-րդ մրցաշարքը` «Արզի բաժակ» անուան տակ, Պրումմանայի ակումբին թենիսի դաշտերուն վրայ եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան Պրումմանայի քաղաքապետ Փիեռ Աշքար, թենիսի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Էռնեսթ Ֆլէյհան, թենիսի պատասխանատուներ,  հովանաւոր ընկերութիւններ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ...

«Թուր Տը Ֆրանս».  Դեղին Շապիկը` Անգլիացի Ֆրումի Մօտ

«Թուր Տը Ֆրանս». Դեղին Շապիկը` Անգլիացի Ֆրումի Մօտ

Խուաքին Ռոտրիկես Քրիսթաֆըր Ֆրում Երէկ` հինգշաբթի, 16 յուլիսին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքին` «Թուր Տը Ֆրանս»-ին 12-րդ հանգրուանի մրցումը, լանեմեզանէն Փլաթօ տը Պէյ (195 քմ): Սպանացի Խոաքին Ռոտրիկեզ, որ մաս կը կազմէ «Քաթուշա» խումբին, տիրացաւ այս հանգրուանին, երբ ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 5 ժամ 40'14'' արդիւնք մը: Անոր ետին 1" ուշացումով 2-րդ դիրքը գրաւեց դանիացի Եաքոպ Ֆուկըլսանկ (Ասթանա), մինչ 3-րդ...

Արարատ Պարտուեցաւ Ռուսիոյ Պրոնզէ Մետալակիրէն

Արարատ Երեւան, որ Ռուսիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ, բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռուսիոյ պրոնզէ մետալակիրէն: Հակառակ անոր որ մրցումը ընթացաւ ռուսական խումբին տիրապետութեամբ, սակայն անիկա միայն մէկ անգամ յաջողեցաւ ցնցել Գէորգ Պրազեանի բերդին ուռկանը, այդ ալ շնորհիւ պրազիլցի իր մարզիկին` 20-րդ վայրկեանին: ArmSport.am հաղորդեց, որ այս մրցումին փորձուեցան Արարատի գրեթէ բոլոր մարզիկներն ալ:

2014-2015 Տարեշրջանին Համար. «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Հրապարակեց Եւրոպայի 10 Լաւագոյն Թեկնածուներուն Անունները

Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն հրապարակեց ցանկը այն տասը ֆութպոլիստներուն, որոնցմէ մէկը պիտի ընտրուի Եւրոպայի 2014-2015 տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստը: Այդ ցանկին մաս կը կազմեն` Ճիանլուիճի Պիւֆոն, Արթուրօ Վիտալ, Անտրէա Փիրլօ, Փոլ Փոկպա, Քարլոս Թեւեզ (Եուվենթուս), Լիոնել Մեսսի, Լուիս Սուարեզ, Նէյմար (Պարսելոնա), Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (Ռէալ Մատրիտ) եւ Էտեն Հազար (Չելսի): Այդ թեկնածուներուն տասնեակը կազմած են «Եու. Է. Էֆ....

Ծանրաբարձութիւն. Եուրի Վարդանեանի Որդին` Համաամերիկեան Խաղերու Արծաթէ Մետալակիր

ArmSport.am կը հաղորդէ, որ հայ անուանի ծանրաբարձ Եուրի Վարդանեանի որդին` Նորիկ Վարդանեան, Թորոնթոյի մէջ (Քանատա), տեղի ունեցող համաամերիկեան խաղերուն արծաթէ մետալակիր դարձած է: Միացեալ Նահանգներու դրօշակին տակ հանդէս եկող Վարդանեան 94 քկ դասակարգին մէջ երկամարտի մրցումներուն 362 քկ արդիւնք մը արձանագրելով ամերիկացի Քենտրիք Ֆարիսուէն զիջած է միայն 4 քկ-ով, կը յայտնէ «Տը Շրեվըփորթ Թայմզ»: Նշենք, որ 2012-ին Նորիկ Վարդանեան Հայաստանի...

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր Ալաշկերտ Եւ Շիրակ Մրցումներ Ունին Կատարելիք

«Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանին երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ ճակատումներ: Այսօր մրցումներ ունին կատարելիք նաեւ Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները` Ալաշկերտ եւ Շիրակ, որոնք պիտի մրցին օտար դաշտերու վրայ: Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 17:45-ին, Ալաշկերտ հիւրը պիտի ըլլայ Քայրաթ Ալմաթիի (Ղազախստան), մինչ Շիրակ ժամը 20:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) հիւրը պիտի ըլլայ ԱԻՔ Սթոքհոլմի (Շուէտ): Հայրենի երկու խումբերն...

Կռփամարտ. Աբրահամ Եւ Շթիկլից Բաց Փորձեր Կատարեցին

Հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ WBO վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ իր մարզիչին` Ուլի Վեկների հետ, եւ մրցակից Ռոպերթ Շթիկլից` իր մարզիչին հետ, լրագրողներու ներկայացուցիչներուն եւ հանդիսատեսներու ներկայութեան բաց փորձեր կատարեցին, կը յայտնէ Աբրահամի մամլոյ քարտուղար Սիրան Գրիգորեան: Արթուր Աբրահամի եւ Ռոպերթ Շթիկլիցի միջեւ արդէն իսկ 4-րդ հանդիպումն է, որ տեղի պիտի ունենայ 18 յուլիսին, գերմանական Հալ քաղաքին մէջ, կը յայտնէ ArmSport.am:...

«Չեմփիընզ Լիկ». Համբարձումեան Եւ Դաշեան Մասնակցեցան Ափոյելի Դէմ Տեղի Ունեցած Մրցումին

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Վարտար (Մակեդոնիա) 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Կիպրոսի ախոյեան Ափոյելի դէմ: Հիւր խումբին հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեան, մինչ Արտակ Դաշեան դաշտ ներկայացաւ 64-րդ վայրկեանին: Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 21 յուլիսին` Մակեդոնիոյ մէջ:

Արտակ Անդրիկեան` Ազատ Ֆութպոլիստի Կարգավիճակին Մէջ

Ալաշկերտ Երեւանի յետսապահ Արտակ Անդրիկեան, հանդէս գալով 2-րդ խումբին հետ, աւարտած ախոյեանութեան բաւական քիչ խաղաժամանակ ստացաւ, կը յայտնէ ArmSport.am: Ասկէ մեկնելով` ան այժմ հեռացած է խումբէն եւ ազատ ֆութպոլիստի կարգավիճակ ունի: Փիւնիկի Ուլիսի եւ Արարատի նախկին ֆութպոլիստը ըսաւ, որ թէեւ հայկական կարգ մը ակումբներու հետ նախնական բանակցութիւններ եղած են, սակայն ցարդ յստակ ոչինչ կայ այդ ուղղութեամբ: Նշենք, որ 27 տարեկան...

Թենիս.  Աղջկանց Դասաւորումը Կրեց Փոփոխութիւններ.  Տղոց Առաջին Տասնեակը` Անփոփոխ

Թենիս. Աղջկանց Դասաւորումը Կրեց Փոփոխութիւններ. Տղոց Առաջին Տասնեակը` Անփոփոխ

Սերենա Ուիլիըմզ Նովաք Տիոքովիչ Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ, տղոց պարագային ոչ մէկ փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ առաջին տասնամեակին մէջ: Ուիմպըլտընի տիտղոսակիր Նովաք Տիոքովիչ աւելիով ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը: Սակայն աղջկանց դասաւորման մէջ եղան հիմնական փոփոխութիւններ, բացի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Սերենա Ուիլիըմզէն, որ իր կարգին դառնալով Ուիմպըլտընի տիտղոսակիր, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը: Ստորեւ նոր դասաւորումը (փակագիծերուն մէջ`...

Սթերլինկ Անգլիական Մրցանիշ Մը Հաստատելով Միացաւ Մանչեսթըր Սիթիի

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց որ Ռահիմ Սթերլինկ անգլիացի ֆութպոլիստներուն մէջ հանդիսացաւ ամէնէն սուղ փոխանցումը, երբ փոխան 76,4 միլիոն ամերիկեան տոլարի, իր կազմը` Լիվըրփուլը լքելով միացաւ Մանչեսթըր Սիթիի: 20 տարեկան Սթերլինկ, որ հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Սիթիի հետ, իր պայմանագրութիւնը կնքելէ ետք անմիջապէս ճամբորդեց Աւստրալիա` միանալու համար իր նոր խմբակիցներուն, որոնք հոն կը կատարեն շրջապտոյտ մը` պատրաստուելու համար նոր տարեշրջանին:...

Page 1207 of 1275 1 … 1,206 1,207 1,208 … 1,275

Արխիւներ