
Եուվենթոսի չիլիցի միջնապահ Արթուրօ Վիտալ շատ հաւանաբար յառաջիկայ օրերուն դառնայ Պայէրն Միւնիխի ֆութպոլիստ: Այս փոխանցման համար Գերմանիոյ ախոյեանը պիտի վճարէ 35 միլիոն եւրօ:
Իտալական ակումբը այդ փոխանցման գումարին 2 տոկոսը պիտի փոխանցէ Պայէր Լեւերքուզընին: Նման պայման գրուած էր ֆութպոլիստին պայմանագրութեան մէջ, երբ ան 2011-ին «Պունտըսլիկա»-էն կը տեղափոխուէր «Սերի-Ա.», կը յայտնէ «Պիլտ»-ը:
ArmSport.am իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ Վիտալ Պայէր Լեւերքուզընի հետ կատարեց 144 մրցում:


