
Չելսիի նախկին յառաջապահ Տիտիէ Տրոկպա շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Շիքակօ Ֆայըր պայմանագրութիւն մը առաջարկած է Փղոսկրեայ Ափունքի ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին յառաջապահին հետ, կը յայտնէ «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ը:
TotalFootball.am կայքը կը հաղորդէ, որ «Մէյճըր լիկ»-ի ախոյեանութեան մասնակցող ակումբը Տրոկպային առաջարկած է 1,5 տարուան պայմանագրութիւն մը` տարեկան 2,5 միլիոն եւրօ աշխատավարձով:


