Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի հեծելարշաւի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Էտկար Ստեփանեան «Սքրաթչ» մրցումին (40 քմ խմբային մրցում) հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, կը յայտնէ ArmSport.am:
Այսպիսով, ան դարձաւ Հայաստանի առաջին հեծելանւորդը, որ նման իրագործում մը կը կատարէ:
Յաջող ելոյթներ ունեցան նաեւ Փաւել Ստեփանեան եւ Մհեր Մկրտչեան, որոնք յաջորդաբար գրաւեցին 10-րդ եւ 19-րդ դիրքերը:
Նշենք, որ նախքան Յունաստան մեկնիլը, հայրենի հեծելանւորդները Ծաղկաձորի մէջ ուսումնամարզական հաւաք մը ունեցան` գլխաւոր մարզիչ Արմէն Կէօզալեանի գլխաւորութեամբ: